Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Ազգային Ժողովը Ընդունեց 27 Տարին Լրացած Եւ Բանակէն Խուսափած Անձերուն Առնչուող Հայկ Սարգսեանի Նախագիծը

ՀՀ Ազգային Ժողովը Ընդունեց 27 Տարին Լրացած Եւ Բանակէն Խուսափած Անձերուն Առնչուող Հայկ Սարգսեանի Նախագիծը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի հեղինակած նախագիծը, որ կ’առնչուի 27 տարին լրացած եւ բանակէն խուսափած անձերու։

Նախագիծին կողմ քուէարկեց 61 պատգամաւոր, դէմ՝ 27, ձեռնպահ՝ 6։

Նախագիծով կ’առաջարկուի 27 տարին լրացած եւ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներուն տալ հնարաւորութիւն ազատելու քրէական պատասխանատուութենէ. առաջին՝ երկու տարի ծառայելով, երկրորդ՝ մէկ տարի ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 2,5 միլիոն դրամ, երրորդ՝ վեց ամիս ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 5 միլիոն դրամ, չորրորդ՝ մէկ ամիս ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 8 միլիոն դրամ, հինգերորդ՝ զինուորական ծառայութեան փոխարէն պետական պիւտճէ վճարելով 15 միլիոն դրամ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment