Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Թենի Մելիտոնեան Նշանակուած Է «Օսքար»-ի Գլխաւոր Տնօրէն

Թենի Մելիտոնեան Նշանակուած Է «Օսքար»-ի Գլխաւոր Տնօրէն

by MassisPost

Ֆիլմարուեստի եւ գիտութիւններու ամերիկեան ակադեմիան Թենի Մելիտոնեանը նշանակած է «Օսքար»-ի գլխաւոր տնօրէն, որ նորաստեղծ պաշտօն է։

Այս մասին յայտնած է Ակադեմիայի գործադիր տնօրէն Պիլ Քրամերը։ Նոր պաշտօնին Թենի Մելիտոնեանը պիտի ղեկավարէ ռազմավարութիւնը, տաղանդներու հետ կապերը, յատուկ միջոցառումները եւ մրցանակաբաշխութեան բոլոր ծրագրերու եւ միջոցառումներու արտադրական խումբերը, ինչպէս կը փոխանցէ «Hollywood Reporter»-ը՝ այս մասին նշած է Քրամեր։

Մելիտոնեան սերտօրէն պիտի աշխատի «Օսքար»-ի արտադրողներու եւ հաղորդավարներու, Disney/ABC-ի եւ Ակադեմիայի ղեկավարութեան, ներառեալ՝ Կառավարիչներու Խորհուրդի եւ անոր յանձնաժողովներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի համակարգէ այն խումբերուն աշխատանքը, որոնք ներգրաւուած են «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան մշակման եւ կայացման, ինչպէս նաեւ զայն համաշխարհային լայն լսարանին ներկայացնելու գործին մէջ:

Ակադեմիայի տնօրէնը՝ բարձր գնահատելով Մելիտոնեանի փորձը, ստեղծագործական անհատականութիւնն ու հեռանկարային ըլլալը, կարեւորած է այս պաշտօնը, յատկապէս՝ «Օսքար»-ի 100-րդ մրցանակաբաշխութեան ընդառաջ։

Քրամերի ղեկավարութեամբ՝ 2022 թուականին Մելիտոնեանը գլխաւորած է  «Օսքար»-ի նորաստեղծ ռազմավարական ստորաբաժանումը, որ ամբողջ տարուան ընթացքին կ’աշխատէր մրցանակներու հետ կապուած բոլոր ծրագրերուն վրայ:

Մելիտոնեանը վերջերս «Օսքար»-ի ռազմավարութեան փոխնախագահն էր: Ան իր ակադեմական ասպարէզը սկսած է 2005 թուականին՝ որպէս  հաղորդակցութեան եւ հրապարակայնութեան բաժնի ղեկավար, վերահսկելով ապրանքանիշի ռազմավարութիւնը եւ շուկայագիտութիւնը:

Մինչ ամերիկեան ֆիլմի ակադեմիա ընդունուիլը, ան աշխատած է Ուաշինկթընի մէջ, այդ շարքին՝ ՀՀ դեսպանութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment