Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Պաքուի Մէջ Մերժած Են Ընդունիլ Լուիս Պոնօն

Պաքուի Մէջ Մերժած Են Ընդունիլ Լուիս Պոնօն

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մերժած են ընդունիլ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան՝ Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Լուիս Պոնօն: Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական «Minval» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները:

Կը նշուի, որ Պոնոյին Ատրպէյճան այցելելու մերժման հիմնական պատճառը Ուաշինկթընի «անհասկնալի եւ միակողմանի քաղաքականութիւնն է»:

Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած էր, որ Պոնօն  յաճախ կ’այցելէ տարածաշրջան՝ քննարկելու ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին, կայուն եւ արդար խաղաղութեան հասնելու ուղիները։ «Մենք պատրաստ ենք օգնելու որեւէ գործընթացի, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն», նշած էր Պոնօն։ Սակայն Ատրպէյճանի մայրաքաղաք այցին մասին չէ յայտարարուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment