Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բովանդակային Առումով Ատրպէյճանական Առաջարկներուն Մէջ Կը Տեսնենք Որոշակի Յետընթաց. Միրզոյեան

Բովանդակային Առումով Ատրպէյճանական Առաջարկներուն Մէջ Կը Տեսնենք Որոշակի Յետընթաց. Միրզոյեան

by MassisPost

Խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ Դեկտեմբերի վերջը ատրպէյճանական հերթական առաջարկներուն մէջ որոշակի յետընթաց կայ, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը յոյն գործընկերոջ հետ ճեպազրոյցին վերահաստատեց նախօրէին Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին յայտարարութիւնը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին։

«Յունուարի 4-ին, կարծեմ, արդէն մենք փոխանցել ենք հայկական հերթական առաջարկները։ Այո՛, ես կ’ասէի, որ բովանդակային առումով ատրպէյճանական առաջարկների մէջ մենք տեսնում ենք որոշակի յետընթաց որոշ յօդուածներով բնագրի որոշ մասերում եւ որոշակի առաջընթաց մի քանի այլ ուղղութեամբ», ըսաւ ան։

Արարատ Միրզոյեան շարունակեց, որ փաստաթուղթի այս կամ այն յօդուածի յառաջընթացէն ու յետընթացէն աւելի առանցքային խաղաղութեան բանակցութիւններու սկզբունքներու պահպանումն է. անոնցմէ առաջինը միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն է առանց երկիմաստութիւններու։

«Սա այն հարցն է, որտեղ առաւելագոյն յստակութիւն է պէտք, եւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է այս յստակութիւնն ապահովի։ Նաեւ հասկանալիօրէն եթէ երկրների միջեւ սահմանների սահմանազատման գործընթացը կարող է երկար ժամանակ տեւել, առնուազն խաղաղութեան պայմանագրում մենք պէտք է տեսնենք այն յստակ հիմքերը, որոնց վրայ պէտք է հետագայում ընթանայ սահմանազատման գործընթացը։ Ես ուզում եմ ընդգծել այս երկու հարցը՝ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանների անխախտելիութիւն, նաեւ սահմանների հետագայ սահմանազատումը՝ այն հարցերն են, որտեղ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կարող տեսնել եւ չի կարող թոյլ տալ որեւէ անորոշութիւն», նշեց արտաքին գործերու նախարարը։

Արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձաւ նաեւ յաջորդ սկզբունքին՝ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման։ Ըստ անոր՝ դժուար պիտի ըլլայ ըսել, թէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաստատուած է խաղաղութիւն, եթէ Հայաստանը շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ, իսկ խաղաղութիւնը միայն կրակոցներու դադարը չէ, այլեւ մարդոց ու ապրանքներու ազատ տեղաշարժի հնարաւորութիւնը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment