Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի Շահեկան Դասախօսութիւնը «Միջին Արեւելքը Կազայի Վերջին Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ»

Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի Շահեկան Դասախօսութիւնը «Միջին Արեւելքը Կազայի Վերջին Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ»

by MassisPost

Հ.Բ.Ը.Մ.ի ԳալիՖորնիոյ շրջանի վեթերաններու վարչութիւնը անցեալ Հինգշաբթի Մարտ 2, 2021, կազմակերպած էր շահեկան բանախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան հանդիսասրահին մէջ: Օրուան նիթն էր «Միջին Արեւելքը Կազայի Վերջին Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ»,  բանախօս` իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան:

Ընտրանի հասարակութիւն մը ներկայ էր, որոնց մէջ կը նշմարուէին Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Լիպիոյ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Մելգոնեան, ինչպէս նաեւ գաղութիս տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծանօթ ազգային եւ հասարակական գործիչներ:

Սոյն միջոցառումի հանդիսավարն էր ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը հանգամանօրէն ներկայացուց երեկոյի յարգարժան բանախօս իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի համառօտ կենսագրականը, որպէս հմուտ իրաւաբան, հասարակական գործիչ, վերլուծաբան եւ երկու գիրքերու հեղինակ:

Յարգելի բանախօսը, լուսապտկերներու միջոցով, նախ համառօտ կերպով ներկայացուց Կազայի ներկայ կացութիւնը Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի տնտեսական եւ քաղաքական ընդհանուր համայնապատկերն ու ռազմավարական իրավիճակը, շահագրգիռ մեծ տէրութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած: Անոնց կիզակէտը եղած է Սուէզի ջրանցքը, Կարմիր Ծովն ու Ագապայի անցքը: Ռազմավարական տեսանկիւնէն Ագապայի ծոցի սկիզբը եղող զոյգ կղզիները (Թիրան ու Սարազի), կռուախնձոր եղած են Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ եւ ի վերջոյ անցած է Սէուտական տիրակալութեան ներքեւ:

Արաբ-Իսրայէլեան վեց օրուան պատերազմին (1967) պատճառով Սուէզի ջրանցքը փակուած էր: Սակայն մինչ այդ 1963-ին, ԱՄՆ-ի կողմէ գաղնտօրէն ծրագրուած է երկրորդ ջրանցքի մը բանալ Սուէզի զուգահեռ: Թաքուն պահուած այս ծրագիրը` բացայայտօրէն հանրութեան ծանօթացուեցաւ 1994-ին: Արդարեւ այս ծրագիրի իրագործումը պիտի արժէ 55 պիլիոն (միլիառ) տոլար եւ պիտի կոչուի, Պէն Կորիոն» ջրանցք: Ի պատիւ Իսրայէլի առաջին վարչապետի անունով կոչուող այս ջրանցքի շինարարութիւնը սկսած է 2022 թուականի Նոյեմբերին եւ պիտի տեւէ 5-6 տարի: Այս մեծ ծրագրի իրագործումը կը հովանաւորուի շատ մը երկիրներու կողմէ, մասնակցութեամբ 300,000 երկրաչափերու եւ արհեստավարժ աշխատաւորներու: Ներկայիս Սուէզի ջրանցքը պետութեան համար կ’ապահովէ տարեկան 6 պիլիոն տոլարի եկամուտ: Իսկ Պէն Կորիոն ջրանցքը երբ բանելու սկսի պիտի ապահովէ տարեկան 3 պիլիոն տոլար:

Միջին Արեւելքի քաղաքա-աշխարհագրական ժամանակակից փոփոխութիւններն սկսած են ազդել յատկապէս քարիւղ արտադրող երկիրներուն վրայ« որոնք արդէն մեծ ներդրումներ կատարած են այս առնչութեամբ: Մեծագոյն իրագործումներէն մին է Սէուտական Արաբիոյ մէջ« հիմնադրուպող արդիական NEOM քաղաքը: Ան կը գտնուի Կարմիր ծովու հիւսիսը, Եգիպտոսի արեւելքը եւ Յորդանանի հարաւը, Ագապայի ծոցին մօտ: Նէում քաղաքի շինարարութիւնը պիտի արժէ 500 միլիառ տոլար: Արդարեւ աշխարհագրական կարեւոր դիրք գրաւող այս նոր քաղաքի նաւահանգիստը` ծրագրուած է կոչուելու աշխարհի մեծագոյնը:

Ըստ Ռուբէն Աւշարեանի Միջին Արեւելքի խաղաղ ու անդորր կեանքը վտանգուած է, ռազմատենչ ու շահամոլ երկիրներու մենատիրական նկրտումներուն պատճառով: Այս թեժ մրցապայքարէն կրնան զգալիօրէն տուժել Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ:

Սոյն հետարքրական դասախօսութեան աւարտին ներկաներէն շատեր հարցումներ ուղղեցին Ռ. Աւշարեանին եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ: Անուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մասամբ շարունակութիւնը հարց-պատասխանի օգտաւէտ խօսակցութեան:

Միջին Արեւելքի ընդհանուր համայնապատկերին դիմաց եղող այս լսարանային բանախօսութիւնը` շահեկան գիտելիքնորով լիցքաւորուեց ներկայ ունկնդիրները, որոնք որոշ բաւարարութեամբ մեկնեցան սրահէն, շնորհաւորելով իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանն ու կազմակերպիչները:
Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment