Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սամուէլ Շահրամանեան Արցախ Վերադարձի Հարցով Բանակցութիւններ Կը Վարէ Պաքուի Հետ. Սամուէլ Բաբայեան

Սամուէլ Շահրամանեան Արցախ Վերադարձի Հարցով Բանակցութիւններ Կը Վարէ Պաքուի Հետ. Սամուէլ Բաբայեան

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան այժմ Արցախ վերադարձի հարցով Պաքուի հետ բանակցութիւններ կը վարէ. նման աղմկայարոյց պնդում կատարեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանը, որ Ազգային Ժողովին մէջ կը մասնակցէր պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի նիստին:

«Շահրամանեան Սամուէլը, որին դուք շատ սիրում էք, ընդդիմադիր դաշտը, հիմա էդ մարդը բանակցում է, ամէն օր զանգում է Պաքու, խօսում, ի՞նչ է բանակցում», յայտնեց ան:

Առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու Բաբայեանը միայն պնդեց, որ այդ մասին տեղեկացուցած է Արցախի օրէնսդիրները: Արցախի անկումէն յետոյ տուած միակ հարցազրոյցի«ն մէջ Շահրամանեան ըսած էր, թէ արցախցիներու վերադարձի եւ Արցախի կարգավիճակի հարցերը իրենց օրակարգին վրայ են՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ եթէ նման գործընթաց սկսին, ապա հանրութիւնը պիտի տեղեկացնեն:

Սամուէլ Շահրամանեանը Սամուէլ Բաբայեանի յայտարարութեան հրապարակաւ դեռ չէ արձագանգած։

Արխացիներու վերադարձի հարցը Շահրամանեանի հետ քննարկելու ցանկութիւն ունի նաեւ Սամուէլ Բաբայեանը, ըսաւ՝ հանդիպման առաջարկ ըրած է, պատասխան դեռ չունի։

Իշխանութիւնները դէմ են, որ Արցախի պետական հիմնարկները պահպանուին, համաձայ՞ն է այս դիրքորոշմանը, թ՞է այդ ուղիղ սպառնալիք է Հայաստանի անվտանգութեան. Սամուէլ Բաբայեան այս հարցումին այդպէս ալ յստակ պատասխան չտուաւ, փոխարէնը յայտնեց, որ Արցախի հայաթափումէն յետոյ գրաւոր դիմած է վարչապետ Փաշինեանին՝ առաջարկելով ստեղծել յատուկ ծրագրերու վարչութիւն:

«Որը գործել ա 90-ականներին Մոսկովեան փողոցի վրայ, այ էդ ծառայութիւնով Ղարաբաղի ժողովրդին տէր կանգնել, վերաբնակեցնելու, բոլոր հարցերը։ Նիկոլ Փաշինեանը մերժել է», նշեց ան:

Սամուէլ Բաբայեանը կը կարծէ, որ արցախցիներու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը պէտք է ներառուի հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։ Մեծ սխալ պիտի ըլլայ, եթէ Արցախին անդրադարձ չըլլայ, կարճ ըսաւ Բաբայեան. «Նայած արցախցիները ինչ են ուզում, իշխանութիւնը արցախցիների ոնց է պատկերացնում, էսօրուայ գործող իշխանութիւնն ասում է՝ պէտք է վերադառնանք Արցախ։ Հիմա եթէ վերադառանում են, ի՞նչ կարգավիճակով։ Այ այդ կարգավիճակով էլ էդ փաստաթղթի մէջ պէտք է նշուի»:

Պաշտօնական Երեւանը Արցախի անկումէն առաջ ամիսներ շարունակ կը բանակցէր, որ արցախցիներու իրաւունքներու երաշխաւորման միջազգային մեխանիզմ ստեղծուի, բայց Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումէն յետոյ այդ մասին հրապարակաւ չեն խօսիր։ Վարչապետը օրերս միայն նշած էր, թէ միջազգային հարթակներու վրայ կը բարձրացնեն արցախահայերու վերադարձի հարցը։

Նախկին բարձրաստիճան զինուորական Սամուէլ Բաբայեանը նաեւ պատերազմի պատճառներուն անդրադարձավ։ 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին ան հրաժարած էր Արցախի հերոսի կոչումէն եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն, պնդած էր, որ «նաեւ Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր ոորշմամբ է յանձնուել Արցախը»։ Այսօր արդէն պնդեց, որ Փաշինեանի մեղաւորութիւնը եղել է քատրային սխալ քաղաքականութիւնը:

«Հայաստանի իշխանութիւնը չէր կարող ոչ մի բան անել, որովհետեւ չունի բանակ, պաշտպանութիւնը, եւ Ատրպէյճանն էլ կոշտ հարցը դնում է, որ չես կարող դու իմ ներքին հարցերին խառնուել։ Պէտք է, Հայաստանի իշխանութիւնը խնդրում էր Արցախի իշխանութիւններին, որ նստեն ուղիղ բանակցութիւնների, նրանք էլ դա պոյքոթում էին, որովհետեւ Մոսկուայից ստացել էին կարգադրութիւն, որ պիտի պոյքոթեն», շեշտեց նախկին պաշտօնեան։

Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողովը յառաջիկային պիտի ամփոփէ աշխատանքը։ Նախորդ նիստին, ի դէպ, հրաւիրուած էր Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը, որ, սակայն, լրագրողներուն հետ չխօսեցաւ։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը Քննիչ Յանձնաժողովի աշխատանքին չմասնակցեցաւ՝ յայտարարելով, որ այն չի կրնար պարզել պատերազմին իրական պատճառներն ու մեղաւորները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment