Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլինը «Կը Ցաւի, Որ ՀՀ Վարչապետը Պիտի Չմասնակցի ՀԱՊԿ Գագաթաժողովին»

Քրեմլինը «Կը Ցաւի, Որ ՀՀ Վարչապետը Պիտի Չմասնակցի ՀԱՊԿ Գագաթաժողովին»

by MassisPost

Քրեմլինը կը ցաւի, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի չմասնակցի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) յառաջիկայ գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 23-ին, Մինսքի մէջ:

«Եթէ իսկապէս այդպէս է, ապա մենք կրնանք ափսոսանք յայտնել, քանի որ նման հանդիպումները շատ լաւ առիթ են կարծիքներ փոխանակելու, դիրքորոշումները ճշգրտելու համար», ըսած է Քրեմլինի խօսնակը։

Միաժամանակ, Տմիթրի Փեսքով ընդգծած է, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան ձեւաչափը կը մնայ արդիական։ «Եւ այդ հանդիպումները, որոնք կը կազմակերպուին եւ տեղի կ’ունենան ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ, կը վկայեն այդ մասին», ըսած է ան։

Վարչապետ Փաշինեան Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հեռախօսազրոյցին տեղեկացուցած է, որ պիտի չմասնակցի Մինսքի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Խորհուրդի նիստին, յոյս յայտնելով, որ գործընկերները պիտի հասկնան այս որոշումը։

Աւելի վաղ՝ հայ-ռուսական ակնյայտ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը մերժած էր մասնակցիլ ԱՊՀ գործընկերներու հաւաքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment