Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ըստ Պաշտօնական Պաքուի՝ Ատրպէյճանի Զոհերուն Թիւը 193 Է

Ըստ Պաշտօնական Պաքուի՝ Ատրպէյճանի Զոհերուն Թիւը 193 Է

by MassisPost

Ռազմական գործողութիւններէն մէկ շաբաթ անց Ատրպէյճանը հրապարակած է զոհերուն թիւը. ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ «հակաահաբեկչական գործողութեան» ընթացքին զոհուած է 192 զինուոր եւ մէկ քաղաքացիական անձ:

Ատրպէյճանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը նշած է, որ վիրաւորուած է 512 մարդ, որմէ 511-ը՝ զինուորական, մէկ քաղաքացիական անձ։

Մինչդեռ Պերլինի մէջ գործող ատրպէյճանական ընդդիմադիր «Meydan TV»-ին նախօրէին հաղորդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ատրպէյճանական բանակը առնուազն 200 զոհ տուած է։

Ցուցակը կազմուած է ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներու, ինչպէս նաեւ զոհերու հարազատներու եւ համայնքապետերու հետ զրոյցներու հիման վրայ։ Ընդ որում, 24 ժամ շարունակուած մարտերու ընթացքին ամենաշատ զոհեր, ըստ «Meydan TV»-ի, տուած է թալիշներով բնակեցուած տարածաշրջանը։ Աւելի քան երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող Պաքուն եւ երկրի մեծութեամբ երկրորդ քաղաք Կյանճան ընդամէնը 7-ական զոհ ունին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment