Home Uncategorized Ալիեւը Պլինքընին Յայտնած Է, Որ Պիտի Համաձայնի Ղարաբաղի Մէջ Միջազգային Դիտորդական Առաքելութեան Ներկայութեան

Ալիեւը Պլինքընին Յայտնած Է, Որ Պիտի Համաձայնի Ղարաբաղի Մէջ Միջազգային Դիտորդական Առաքելութեան Ներկայութեան

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն զանգահարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ քննարկելու համար «հետագայ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, խաղաղ բնակչութեան անվերապահ պաշտպանութեան ու տեղաշարժի ազատութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութեան անարգել մուտքի առկայութեան անհրաժեշտութիւնը», ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըրը:

Ալիեւը ըսած է Պլինքընին, որ «հետագայ ռազմական գործողութիւններ պիտի չըլլան, եւ մենք կ’ակնկալենք, որ այդպէս ալ կ’ըլլայ», ըսած է Միլլըր:

«Ալիեւը նաեւ յայտնած է, որ ինք պիտի համաձայնի դիտորդական առաքելութեան, եւ դա պիտի կատարուի», յաւելած է Միլլըր։

Ներկայացուցիչը մանրամասներ չէ յայտնած Ղարաբաղի մէջ հաւանական միջազգային առաքելութեան ճշգրիտ մեխանիզմի մասին՝ յայտարարելով, որ այդ «կը մնայ տարածաշրջանին մէջ մեր դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ քննարկման առարկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment