Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւի Ներկայացուցիչը՝ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդման Մասին

Ալիեւի Ներկայացուցիչը՝ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդման Մասին

by MassisPost

Գերմանական «Zeit» թերթին տուած հարցազրոյցին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով խօսած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան ամրապնդման մասին: Ամիրպեքով յիշեցուցած է, որ Հայաստանը՝ որպէս COP բիւրոյի անդամ, համաձայնած է, որ Ատրպէյճանը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրի (COP29) կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը, եւ յաւելած, որ այդ քայլը «վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու արդիւնք է»:

Անոր խօսքով՝ բարենպաստ միտում է նաեւ երկիրներու միջեւ զինուորներու փոխանակումը, որ նոյնպէս կը նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման։ «Մենք պայմանաւորուած ենք 32 հայ զինուորներու երկու ատրպէյճանցիներու հետ փոխանակման։

Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը դարձած է COP բիւրոյի անդամ եւ իր հերթին համաձայնած, որ այս տարի Ատրպէյճանի մէջ կայացուի COP29 կլիմայական համաժողովը։ Սա վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու արդիւնք է եւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կարելի է այդ ընել»,- ըսած է Ամիրպեքով: Ան դարձեալ անդրադարձած է Զանգեզուրի միջանցքի բացման եւ նշած, որ այդ պիտի օգնէ Հայաստանին ոչ միայն բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, այլեւ յաւելեալ եկամուտներ ստանալ տարանցման վճարներէն։

Ամիրպեքովի խօսքով՝ այս կերպ Հայաստանը նոյնպէս պիտի կարենար յաղթահարել իր մեկուսացումը։ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ եթէ պաշտօնական Երեւանը հրաժարի Զանգեզուրով անցնող ճանապարհէն եւ երկաթուղիէն, Ատրպէյճանը նման երթուղի կը կառուցէ Իրանի տարածքով։ «Մենք կրնանք ցամաքային ճանապարհ եւ երկաթուղի կառուցել աւելի հարաւ՝ Իրանի միջով, եւ այն ընդամէնը տասը քիլոմեթր երկար կ’ըլլայ»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment