Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Կ’աղօթեմ, Որ Ամուսինս Անվնաս Ազատ Արձակեն». Ռուբէն Վարդանեանի Տիկինը Հաստատած Է Լաչինի Միջանցքին Մօտ Ատրպէյճանի Կողմէ Ամուսինին Ձերբակալման Լուրը

«Կ’աղօթեմ, Որ Ամուսինս Անվնաս Ազատ Արձակեն». Ռուբէն Վարդանեանի Տիկինը Հաստատած Է Լաչինի Միջանցքին Մօտ Ատրպէյճանի Կողմէ Ամուսինին Ձերբակալման Լուրը

by MassisPost

Ատրպէյճանցի զինուորականները Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ ձերբակալած են Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը։

Անոր տիկինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտը, ամուսինին պաշտօնական էջով յայտնած է, որ ան սահմանին գերեվարուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ատրպէյճանական տիրապետութենէն փրկուող հազարաւոր այլ հայերու հետ Ղարաբաղը լքելու փորձ ընելու ժամանակ:

«Ռուբէնը շրջափակման ամբողջ տասը ամիսներուն ուս-ուսի կանգնած եղած է արցախցիներու կողքին, կրած է զրկանքներ եւ անոնց հետ պայքարած է գոյատեւման համար։ Կ’աղօթեմ, որ ամուսինս անվնաս ազատ կ’արձակեն եւ կը հայցեմ ձեր աջակցութիւնը», գրած է ան։

Միաժամանակ «Կազփրոմ-մետիա հոլտինկ»ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Թինա Քանտելաքին ընկերային ցանցերով գրած է. «Ընկերներ, իմ ընկերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, ձերբակալած են ատրպէյճանցի զինուորականները»։

Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար, գործարար Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալութենէն ժամեր անց Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան (ՄԻԵԴ)։

Երեւանը Պաքուէն կը պահանջէ տեղեկութիւններ տրամադրել Վարդանեանի ձերբակալութեան, անոր գտնուելու վայրին վերաբերեալ, յայտնած են Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչին գրասենեակէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment