Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Յայտնած Է, Թէ Ինչ Պայմաններու Պարագային Պիտի Բանայ Լաչինի Միջանցքը

Պաքուն Յայտնած Է, Թէ Ինչ Պայմաններու Պարագային Պիտի Բանայ Լաչինի Միջանցքը

by MassisPost

Ատրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու եւ այլ գործընկերներու հետ բարձր մակարդակի շփումներու ընթացքին համաձայնած է Լաչինի միջանցքի եւ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի միաժամանակեայ օգտագործման Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի միջնորդութեամբ։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհին զուգահեռ Լաչինի միջանցքով ԿԽՄԿ-ի միջնորդութեամբ բեռներու փոխադրման համար պայմաններ ստեղծել անցակէտին սահմանային եւ մաքսային ընթացակարգերու պահպանմամբ։

«Մենք եւս մէկ անգամ կը յայտարարենք, որ ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է ԿԽՄԿ-ի միջնորդութեամբ Աղտամ-Խանքենդի ճանապարհին զուգահեռ բեռներու փոխադրման համար պայմաններ ստեղծել՝ Լաչինի սահմանային անցակէտին սահմանային եւ մաքսային ընթացակարգերու պահպանմամբ», այս մասին յայտնած է ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment