Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճանի Մէջ Ձերբակալած Են Այդ Երկրին Կրած Իրական Ռազմական Կորուստներուն Վերաբերեալ Tik-Tok-ին Մէջ Տեղեկութիւններ Տարածողը

Ատրպէյճանի Մէջ Ձերբակալած Են Այդ Երկրին Կրած Իրական Ռազմական Կորուստներուն Վերաբերեալ Tik-Tok-ին Մէջ Տեղեկութիւններ Տարածողը

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալած են բնակիչ մը՝ Tik-Tok հարթակի միջոցով այդ երկրի բանակին վերաբերեալ պաշտօնականէն «տարբերուող» տեղեկատուութիւն տարածելու համար։

Ատրպէյճանի Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտնած է, որ ձերբակալուածը 1998-ի ծնունդ Իպրահիմլի Փարվիզ Վուկարօղլուն է։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ ան Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ, իբր «կեղծ» տեղեկատուութիւն հրապարակած է, ատրպէյճանական բանակի կրած կորուստներուն վերաբերեալ հրապարակած է բոլորովին այլ թիւեր, որոնք տարբերուած են պաշտօնական տուեալներէն։

Հիմա Ատրպէյճանի մէջ կը փորձեն պարզել, թէ ինչու նաեւ տարածած է ոչ-պաշտօնական տեղեկութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment