Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսական Կարմիր Խաչի Բեռնատարը Հասած Է Ստեփանակերտ

Ռուսական Կարմիր Խաչի Բեռնատարը Հասած Է Ստեփանակերտ

by MassisPost

Ինչպէս նախապէս յայտատարուած էր, Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ:

Սեպտեմբեր 12-ին, մարդասիրական բեռը ռուսական Կարմիր Խաչի միջոցով եւ այդ կազմակերպութեան փոխադրակառքերով, հանրապետութեան իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ մուտք գործած է Արցախի Հանրապետութիւն՝ Ասկերան քաղաքով:

Օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment