Home ՍՓԻՒՌՔ Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագը Այս Տարի Տեղի Ունեցաւ Աւելի Մեծաքանակ Մարդոց Ներկայութեամբ

Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագը Այս Տարի Տեղի Ունեցաւ Աւելի Մեծաքանակ Մարդոց Ներկայութեամբ

by MassisPost

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ հերթական պատարագը, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, իր վրայ սեւեռած էր աւելի մեծ ուշադրութիւն:

Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն յետոյ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեւական ժամանակէ կը մերժէր խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, բայց ի վերջոյ տեղի տուաւ, քանի որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, ու թէեւ Ս. Խաչ եկեղեցին սկսած է գործել որպէս թանգարան, այդուհանդերձ թրքական իշխանութիւնները կը թոյլատրեն տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ կատարել:

Այս տարուայ պատարագին առնչութեամբ անվտանգութեան միջոցառումները աննախադէպ էին: Թրքական յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչները Հայաստանէն ժամանածներուն կ’ուղեկցէին պանդոկներէն, իսկ կղզիին մէջ ուժեղացուած պարեկութիւն կ’իրականացնէին տասնեակ ոստիկաններ, որպէսզի կանխարգիլէին հնարաւոր անախորժութիւնները տեղաբնակ ծայրայեղական թուրքերու կամ ատրպէյճանցիներու կողմէ: Կղզիին վերեւ ամբողջ պատարագի ընթացքին կը պտըտէր ոստիկանութեան ուղղաթիռը:

Բարեբախտաբար, միջադէպեր չարձանագրուեցան եւ արարողութիւնը անցաւ բնականոն հունով, որուն, ի դէպ, մասնակցեցան ոչ միայն հայեր, այլեւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ տեղաբնակ քիւրտեր եւ թուրքեր: Հաւաքուածները այնքան շատ էին, որ պատարագը նախ մեկնարկեց ներսը, այնուհետեւ շարունակուեցաւ եկեղեցուոյ բակին մէջ՝ նոյն ծիսակարգով, որմէ ներկաները ստացան մեծ բաւականութիւն:

Պատարագէն յետոյ «Արմենփրես»-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք, գերաշնորհ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը ըսաւ. «Մեզի համար մեծ առաւելութիւն եւ մենաշնորհ է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելը: Սա հազար հարիւր տարուայ պատմութիւն ունեցող հոգեւոր եւ մշակութային արժէք է, ու թէեւ այժմ կարգավիճակով թանգարան է, սակայն յատուկ արտօնութեան շնորհիւ տարին մէկ անգամ այստեղ կը մատուցուի Սուրբ պատարագ: Փառք Աստուծոյ, որ ունինք նման հնարաւորութիւն: Ս. Խաչը ամբողջ Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ միակ եկեղեցին է, որուն գմբէթին վրայ խաչ կայ, հետեւաբար այդ ինքնին մեծ վկայութիւն է»:

Սրբազանը նշեց, որ մարդիկ տարբեր զգացումներ ունին՝ ըլլան պաշտօնեաներ, թէ ուխտաւորներ, իսկ հոգեւորականներուն համար օրը իսկապէս փառաւոր էր: Ան տեղեկացուց, որ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին Աղթամար կղզի կ’այցելէ մօտ մէկ միլիոն մարդ:

«Երբ մարդիկ կը լռեն, կը խօսին քարերը: Կղզիին վրայ գտնուելու հանգամանքը չէ խանգարած, որ եկեղեցին լաւ պահպանուած մնայ, ուր յանուն ամբողջ հայութեան մատուցեցինք երկար սպասուած պատարագը՝ հոգեւոր կապ ստեղծելով ներկաներուն ու մեր նախնիներուն միջեւ: Անոնց օրհնութիւնը մեր վրայ է, որոնց մշտապէս կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ, իսկ պատարագը իր հերթին մեծ շնորհք կը բերէ համայն հայութեան», ըսաւ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ ինչ կը կատարուի, որպէսզի Ս. Խաչի մէջ պատարագ մատուցուի աւելի յաճախակի, պատրիարքը նշեց, որ Վանի եւ շրջակայ բնակավայրերուն մէջ շատ քրիստոնեայ հայեր չեն ապրիր: Բացի անկէ, եկեղեցին ունի թանգարանի կարգավիճակ, հետեւաբար կը գտնուի նաեւ միջազգային կառոյցներու յատուկ հոգածութեան ներքոյ եւ չ’ընկալուիր որպէս կանոնաւոր գործող տաճար: Պատրիարքը ըսաւ, որ մէկանգամեայ պատարագը առայժմ բաւարար է:

Խօսելով Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բազմաթիւ լքուած ու կիսաքանդ հայկական եկեղեցիներու մասին՝ արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդգծեց, որ Պոլսոյ պատրիարքարանը այդ շինութիւնները իր հովանիին տակ վերցնելու իրաւունք չունի, իսկ կառավարութիւնը, եթէ միջոցներ ունի, որոշակի վերականգնողական գործողութիւններ կ’իրականացնէ: Անոր պնդմամբ՝ հին եկեղեցիներու վերանորոգումը աւելի թանկ է, քան նոր վանքերու կառուցումը, ուստի այդ հարցով անհրաժեշտ են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի համատեղ ջանքերը:

Պատրիարքը հարցազրոյցէն յետոյ միացաւ դուրսը իրեն սպասող բազմաթիւ ուխտաւորներուն եւ անմիջականօրէն զրուցեց անոնց հետ՝ իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն: Ի դէպ, մեր ամենաաշխոյժ հայրենակիցներէն է Արտամէտի բնակչուհի Գայիանէ Գէորգեանը, որուն համար Սուրբ պատարագը իսկապէս աննկարագրելի իրադարձութիւն է, որուն միշտ կը սպասէ անթաքոյց յուզմունքով: Ան Ս. Խաչի վերաբացումէն ի վեր աշխուժօրէն լծուած է եկեղեցւոյ շրջակայքը բարելաւելու աշխատանքներուն եւ այդ նպատակով մշտապէս կապի մէջ է Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան հետ: Գայիանէն ամէն անգամ մեծ ոգեւորութեամբ Աղթամարի կղզի կ’ուղեկցի Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէն եւ Հայաստանէն ժամանող հայրենակիցներուն: Կը պատրաստուի հիմնելու հասարակական կազմակերպութիւն՝ համայնքի աշխատանքներուն նոր լիցք հաղորդելու համար:

Հայաստանէն ժամանածներու շարքին էր նաեւ յայտնի մտաւորական, բանաստեղծ Յուսիկ Արան: Ան արմատներով վանեցի է, քանի որ մայրական կողմի մեծ հայրը Վան նահանգի Աղբակ գաւառէն է, ժամանակին մասնակցած է ինքնապաշտպանական մարտերուն, կորսնցուցած է պայքարի բովին մէջ նահատակուած հայրն ու եղբայրները:

«Ես այստեղ ամենեւին օտար չեմ զգար, գուցէ արեան կանչը կը խօսի կամ ծինը, եւ այնպիսի տպաւորութիւն է, որ տեղաբնակները զբօսաշրջիկներ են, իսկ ես կը գտնուիմ հարազատ տանիքի ներքոյ, ուր, կարծես, ապրած եմ մշտապէս: Մեր ազգը ձեւաւորուած է նոյն ինքն Վանի մէջ: Լիճը, Արարատը մեր հոգեկերտուածքի անբեկանելի մասն են, մեզնմէ իւրաքանչիւրին մէջ են: Իսկ պատարագը առհասարակ աննկարագրելի զգացումներ յառաջացուց: Սքանչելի եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ տեղի ունեցաւ երկար սպասուած արարողութիւնը, մասնակցեցայ նաեւ հաղորդութեան ու ճաշակեցի նշխարը», ըսաւ Յուսիկ Արան:

Բանաստեղծը յայտնեց, որ այս օրերուն շրջելով Արեւմտեան Հայաստանի պատմական վայրերով՝ կատարած է գրառումներ, որոնցմէ շուտով պիտի ծնին նոր ստեղծագործութիւններ՝ իրենց մէջ ամփոփելով յատկապէս Աղթամարի կղզիին մէջ տարին մէկ անգամ նշուող Սուրբ պատարագի խորհուրդը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment