Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սամուէլ Շահրամանեան Ընտրուեցաւ ԼՂ Նախագահ

Սամուէլ Շահրամանեան Ընտրուեցաւ ԼՂ Նախագահ

by MassisPost

Արցախի Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստով, գաղտնի քուէարկութեամբ, Սամուէլ Շահրամանեանը ընտրուեցաւ Արցախի նախագահ։

Ըստ Արցախի խորհրդարանին՝ քուէարկութեան մասնակցած է 23 պատգամաւոր։ Շահրամանեան ընտրուած է ձայներու 22 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ։

Նախքան քուէարկութիւնը Շահրամանեանը իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը յետպատերազմեան իրողութիւնների հաշուառմամբ վերանայելով իր անվտանգային հայեցակարգը, փաստացի հետ է կանգնել Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իր բազմամեայ առաքելութիւնից եւ որդեգրել է խաղաղութեան օրակարգ անունով մի մօտեցում, որի առանցքն է կազմում Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչելը, ներառեալ Արցախը, պայմանով, որ ապահովուած լինեն արցախահայությեան հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները»:

Ատրպէյճանն ալ, ըստ նախագահի թեկնածուին, օգտուելով նշուած, ինչպէս նաեւ միջազգային դերակատարներու առարկայական քայլեր չկատարելու փաստէն, աստիճանաբար կը խախտէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ կը մեծցնէ ճնշումը Արցախի վրայ՝ իր իսկ կողմէ հռչակուած «համարկման» օրակարգը կեանքի կոչելու նպատակով:

Նշելով, որ միաժամանակ, Ատրպէյճանը կը շարունակէ բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ թմբկահարել, որ արցախեան հակամարտութիւնը արդէն իսկ լուծուած է, Լեռնային Ղարաբաղ հասկացութիւն գոյութիւն չունի, իսկ տեղաբնակ հայերու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովման խնդիրը իր երկրի ներքին հարցն է, իսկ աշխարհաքաղաքական կեդրոնները առայժմ կը բաւարարուին միայն մտահոգութիւններու, յորդորներու եւ կոչերու օրէ օր մեծցող ծաւալով՝ Շահրամանեան արձանագրեց, որ միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ արցախահայութեան իրաւունքներն ու օրինական շահերը չեն պաշտպանուիր եւ Արցախի համար այլ տարբերակ չեն թողներ քան ինքնուրոյն փորձել գտնել միջանկեալ, իրավիճակէն բխող լուծումներ։

«Չնայած ՌԴ-հաւաքական Արեւմուտք հակամարտութեան ու կողմերի հակադիր դիրքորոշումներին, պէտք է արձանագրել, որ Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ աշխարհում ձեւաւորվել է համախոհութիւն հետեւեալ հարցերի շուրջ՝ Արցախեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, ինչպէս պնդում է Ատրպէյճանը, հետեւաբար Լեռնային Ղարաբաղը հանդիսանում է վիճելի տարածք, որը պէտք է ստանայ որոշակի կարգավիճակ, Արցախն ու Հայաստանը պէտք է ունենան ուղիղ ճանապարհային հաղորդակցութիւն՝ Լաչինի միջանցք։ Վերջինս ի հակառակ Պաքուի պնդումների՝ արդէն տեւական ժամանակ է փակ է եւ պէտք է բացուի։ Պէտք է գործարկվեն նաեւ տարածաշրջանային այլ ճանապարհներ եւս, սական դրանք չեն կարող փոխարինել Լաչինի միջանցքին, կամ դիտուել դրան այլընտրանք, Ստեփանակերտը պէտք է բանակցի Պաքուի հետ։ Ընդ որում, այս հարցում, թէ՛ ՌԴ-ն եւ թէ՛ հաւաքական Արեւմուտքը պատրաստ են տրամադրել հարթակ եւ հանդէս գալ միջնորդի դերում, ինչին կտրականապէս դէմ է Ատրպէյճանը», յայտարարեց Շահրամանեան՝ շեշտելով, որ ապագայ Նախագահին համար պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ Ստեփանակերտը Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման առարկայէն, բանակցութիւններու ենթակայ դարձնելը՝ բանակցութիւններու ձեւաչափը կրնայ ըլլալ ինչպէս բազմակողմ, այնպէս ալ՝ երկկողմ։

«Միակ պարտադիր պայմանը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու կազմակերպումը երրորդ երկրի կողմէ՝ ձեռք բերուելիք պայմանաւորուածութիւններու կատարման անոր տրամադրած երաշխաւորութեամբ», ըսաւ Արցախի նախագահի թեկնածուն։

Պէտք է քայլեր ձեռնարկել պետութեան քունքին դրուած հրազէնը հեռացնելու եւ փոխվստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար, յայտնեց Շահրամանեան՝ ընդգծելով, որ միայն անկէ յետոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ առարկայական բանակցութիւններ վարել։

«Հետեւաբար, մեր առաջնահերթութիւններից է հասնել Լաչինի միջանցքով անվտանգ երթեւեկութեան, կազի եւ ելեկտրականութեան կանոնաւոր մատակարարումների վերականգնմանը, գիւղատնտեսական աշխատանքների անվտանգ իրականացման ապահովմանը եւ այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող խնդիրների լուծմանը։ Նշուածներն իրականացնելու համար մենք պատրաստ ենք համագործակցել բոլոր շահագրգիռ կողմերի հետ», ըսաւ Շահրամանեան։

Արայիկ Յարութիւնեանը հրաժարական ներկայացուց Սեպտեմբեր 1-ին։ Անոր հրաժարականէն յետոյ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններով նոր նախագահը Ազգային Ժողովը կ’ընտրէ։

5 խմբակցութիւններէն 4-ի, այդ շարքին՝ իշխող «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ»-ի նախագահի թեկնածուն նախկին նախագահի վերջին հրամանագրով պետականպ նախարար նշանակուած Սամուէլ Շահրամանեանն էր։

Խմբակցութիւններէն միայն «Միասնական Հայրենիք»ը այլ թեկնածու առաջադրած էր՝ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Բաբայեանը, սակայն անոր թեկնածութիւնը մերժուած էր վերջին տասը տարուան մէջ Արցախի քաղաքացիութեան ու մշտական բնակութեան մասին տեղեկանքը չներկայացնելու պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment