Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեանը Կոչ Ըրած Է Սատարելու Արցախի Մէջ Ձեւաւորուող Նոր Իշխանութեան

Արայիկ Յարութիւնեանը Կոչ Ըրած Է Սատարելու Արցախի Մէջ Ձեւաւորուող Նոր Իշխանութեան

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Ազգային Ժողով, Արցախի կառավարութեան անդամներուն եւ պետական կառավարման այլ մարմիններու, դատական համակարգի ղեկավար կազմին ներկայացուցած է նորանշանակ պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի նախագահի աշխատակազմը։

Երկրին ղեկավարը, շնորհակալութիւն հատնելով գործընկերներուն համատեղ աշխատանքի համար, ներկայացուցած է իր հրաժարականին դրդապատճառները։

Նշելով, որ մինչեւ Ազգային Ժողովին կողմէ նոր նախագահի ընտրութիւնը շատ պատասխանատու ժամանակաշրջան է, Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է, որ անոր յաղթահարումը եւ իրաւական ճանապարհով իշխանափոխութեան իրականացումը պետականութեան պահպանման համար կարեւոր նշանակութիւն ունին:

Արայիկ Յարութիւնեանը գործընկերներուն յորդորած է սթափօրէն գնահատել իրավիճակը եւ սատար կանգնիլ նոր ձեւաւորուող իշխանութեան` երկրին մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտը յաղթահարելու, ներքին ու արտաքին հնարաւոր մարտահրաւէրները դիմակայելու հարցով:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախկին պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանին՝ երկրին համար բարդ ժամանակաընթացքին պետական կառավարման համակարգին մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու համար, եւ Սամուէլ Շահրամանեանին՝ պատմական ծանր ժամանակաշրջանին պետական նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առաջարկը ընդունելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment