Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պէտք Է Ըսեն՝ Ժողովուրդ, Այլընտրանք Չկայ, Պէտք Է Քոչե՞նք»․ Բաբայեանը Այլ Տարբերակ Կ’առաջարկէ

«Պէտք Է Ըսեն՝ Ժողովուրդ, Այլընտրանք Չկայ, Պէտք Է Քոչե՞նք»․ Բաբայեանը Այլ Տարբերակ Կ’առաջարկէ

by MassisPost

ԼՂ «Միասնական Հայրենիք» խորհրդարանական կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանը կը պնդէ՝ ճիշդ չեն տարածուող տեղեկութիւնները այն մասին, թէ ինքն ու իր ղեկավարած կուսակցութիւնը կողմ են ատրպէյճանական առաջարկին, որ Արցախ մարդասիրական բեռներ պէտք է մտնեն Աղտամէն։

«Ազատութեան» հետ զրոյցին Բաբայեան նշած է՝ իրենց դիրքորոշումը այն է, որ փաթեթային լուծման ծիրին մէջ Արցախ միաժամանակ բեռներ մտնեն ե՛ւ Լաչինի միջանցքով, ե՛ւ Աղտամով։ Բացի այդ, փաթեթին մէջ, ըստ Բաբայեանի, պէտք է նաեւ անդրադարձ ըլլայ Արցախի կարգավիճակի հարցին, այսինքն՝ պէտք է հասկնալ՝ դէպի ո՞ւր կ’երթան։ Հակառակ պարագային քանի մը փոխադրակառք բեռ անցընելով՝ խնդիրը պիտի չլուծուի։

«Պէտք է փաթեթային լուծում տանք էս խնդրին։ Ասենք, ոչ թէ մենակ Աղտամով մի երկու օրից յետոյ մեքենայ բերենք, յետոյ փակենք նորից, նորից ասենք՝ Լաչինից 10 մեքենայ ենք բաց թողել, դա ձեւ չի լուծման։ Մեր տեսակէտը այդ նիստում յստակ ձեւակերպել ենք՝ ընդհանուր փաթեթային լուծում պէտք է ստանայ՝ մենք ո՞ւր ենք գնում, ի՞նչ ենք անում, լաւ, 10 մեքենայ էլ բերեցիր, հաց կերար, յետո՞յ, երկրորդ քայլն ի՞նչ ես անում», ըսած է Բաբայեան:

Հարցումին, թէ փաթեթին մէջ պէտք է նաեւ Արցախի կարգավիճակին հետ կապուած հա՞րց ըլլայ, Բաբայեանը պատասխանած է․ «Բոլորը, ի հարկէ, գոնէ ընդհանուր սկզբունքներ պէտք է ձեւակերպել»։

Ճշդող հարցումին, թէ ատրպէյճանական կողմը անոր պիտի համաձայնի՞, Բաբայեան պատասխանած է. «Ես համարում եմ, որ այո,, համաձայնուելու է»։

Բաբայեանը յառաջիկային այս հարցերուն շուրջ հանրութեան պիտի ներկայացնէ շուրջ 20 կէտէ բաղկացած իրենց մօտեցումները, որոնք դեռ մշակման փուլին են։

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment