Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ֆրանսայի Նախաձեռնութիւնները ԼՂ Հարցով Պէտք Է Հաշուի Առնեն Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Շահերը». Զախարովա

«Ֆրանսայի Նախաձեռնութիւնները ԼՂ Հարցով Պէտք Է Հաշուի Առնեն Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Շահերը». Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան, իր ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցին ընթացքին, մեկնաբանելով Մաքրոնի յայտարարութիւնները ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման նոր ծրագիր յառաջ քաշելու մասին, ըսած է.

«Ֆրանսայի աշխուժութիւնը մեզի լաւ յայտնի է։ Կ’ողջունենք բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք չեն հակասեր եւ չեն հատուիր Ռուսիոյ խաղաղարար առաքելութեան հետ՝ կարգաւորելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները եւ հաշուի առնելու երկու կողմերու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերը։ Առանց այդ շահերը հաշուի առնելու՝ չ’արժեր կարծել, թէ հնարաւոր պիտի ըլլայ կարգաւորել ստեղծուած իրավիճակը», յաւելած է Զախարովան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment