Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պապիկեան Ներկայացուցած Է Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Հայ-Հնդկական Համագործակցութեան Հեռանկարները

Պապիկեան Ներկայացուցած Է Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Հայ-Հնդկական Համագործակցութեան Հեռանկարները

by MassisPost

Օգոստոս 30-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելած Հնդկաստանի ազգային պաշտպանական քոլեճի պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութեան ուղեկցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան: Պաշտպանությեան նախարարը ողջունած է Հնդկաստանի ազգային պաշտպանական քոլեճի հրամանատար, զօրավար-լեյթենանթ Սուքրիթի Սինկհ Տահիյան եւ Հնդկաստանն ու այլ գործընկեր երկիրները ներկայացնող ունկնդիրները։ Սուրէն Պապիկեանը բարձր գնահատած է Հայաստան այցելութեան նախաձեռնութիւնը` հաշուի առնելով պաշտպանական բնագաւառին մէջ հայ-հնդկական յարաբերութիւններու զարգացման ներկայիս ընթացքը:

Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է բանակին մէջ մեկնարկած բարեփոխումները եւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-հնդկական համագործակցութեան ընթացքն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ պատասխանած է պաշտպանական քոլեճի պատուիրակութեան՝ վերոնշեալ ոլորտներուն եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment