Ատրպէյճանը երկու բեռնատարով 40 թոն ալիւր կ’ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղ՝ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհով:
Պաքուն չի յստակեցներ, թէ արդեօ՞ք համաձայնութիւն ձեռք բերած է Արցախի իշխանութիւններուն հետ՝ բանալ Աղտամի ճանապարհը:
Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկի ընկերութեան նախագահ, պատգամաւոր Նովրուզ Ասլան ըսած է, թէ դրական արձագանգ կ’ակնկալեն Ղարաբաղի հայերէն։
«Մենք ուշադիր պիտի հետեւինք այնտեղ տեղի ունեցող գործընթացներուն։ Կը հաւատամ, որ այս քայլը դրական պիտի ընդունուի թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ միջազգային հանրութեան, թէ՛ Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ) ապրող հայազգի բնակչութեան կողմէ», ըսած է Ասլան։