Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Անօրինական Եւ Անբարոյական Որակած Է Ատրպէյճանի Քաղաքականութիւնը ԼՂ-ի Նկատմամբ

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Անօրինական Եւ Անբարոյական Որակած Է Ատրպէյճանի Քաղաքականութիւնը ԼՂ-ի Նկատմամբ

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Գոլոնան անօրինական ու անբարոյական որակած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն արտագաղթել ստիպելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը։

Վկայակոչելով Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական կայքը, այս մասին Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը խօսած է Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու համաժողովին ունեցած ելոյթին ժամանակ։

«Խեղդամահ ընելու ռազմավարութիւնը, որուն նպատակն է հրահրել հայերու զանգուածային արտագաղթը Լեռնային Ղարաբաղէն, անօրինական է, ինչպէս արդէն սահմանած է Միջազգային դատարանը։ Այդ քաղաքականութիւնը նաեւ անբարոյական է», ըսած է Գոլոնան։

Ան նաեւ նշած է, որ Ֆրանսան զօրաղշարժի կ’ենթարկէ ուժերը յանուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Գոլոնան նշած է, որ այդ թոյլ պիտի տայ սահմանազատել երկու երկիրներու սահմանները։

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարին կարծիքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապրի իր բնօրրանին մէջ եւ յարգուին անոնց իրաւունքները, մշակոյթը եւ պատմութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment