Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրովը Լաչինի Բացման Տարբերակ Առաջարկած Է, Որուն Ի Սկզբանէ Համաձայնած Են Ե՛ւ Պաքուն, Ե՛ւ ԼՂ-ն. «Քոմերսանթ»

Լաւրովը Լաչինի Բացման Տարբերակ Առաջարկած Է, Որուն Ի Սկզբանէ Համաձայնած Են Ե՛ւ Պաքուն, Ե՛ւ ԼՂ-ն. «Քոմերսանթ»

by MassisPost

Ռուսիու արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով տարբերակ առաջարկած է, որուն ի սկզբանէ համաձայնած են թէ’ ատրպէյճանական կողմը, թէ՛ ղարաբաղեան:

Անոր էութիւնը այն էր, որ Աղտամով ճանապարհը բացուէր, ԿԽՄԿ-ի միջոցով սկսէր ամէն ինչի առաքումը։ Իսկ այս վայրին մէջ երթեւեկութեան մեկնարկէն ուղիղ մէկ օր անց, Մոսկուայի առաջարկով, պիտի վերականգնուէր նաեւ Լաչինի միջանցքին երթեւեկութիւնը։

Այս մասին «Քոմերսանթ»-ին յայտնած է Ռուսիոյ բարձրաստիճան աղբիւրը՝ նշելով, որ այս տարբերակը բարձր մակարդակով պատրաստուածութեան մէջ եղած Է:

Բայց, ըստ անոր, Ստեփանակերտը այնուհետ պայման յառաջ քաշած է, որ Լաչինը բացուի ոչ թէ 24 ժամուան մէջ, այլ` անմիջապէս, յետոյ ԼՂՀ-ն յայտարարած է, որ ատրպէյճանական ծագման ապրանքները պէտք չէ առաքուին Աղտամով, այնուհետեւ տեղի ունեցեած է Վագիֆ Խաչատրեանի հետ կապուած գայթակղութիւնը, որ ԼՂ իշխանութիւնները պահանջած են անյապաղ ազատ արձակել։

Ի վերջոյ, ըստ աղբիւրին, պայմանաւորուածութիւնները չեղարկուած են, փոխզիջում չէ եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment