Home ՍՓԻՒՌՔ Հարիւրամեակ Պէրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի

Հարիւրամեակ Պէրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի

Տիար Ռաֆֆի Մանուկեան Մէկ Միլիոն Տոլարի Խոստում Կը Կատարէ

by MassisPost

2023 Յունիս 5-էն 11 երկարող շաբաթը բացառապէս տօնական էր Պէյրութի Հայ աւետարանական գոլէճին համար:

Յոբելեանին նուիրուած նախորդ երեք ձեռնարկներէն՝ 4 Նոյեմբեր 2022-ի շրջանաւարտից հաւաքէն, 5 Փետրուարի գոհաբանական պաշտամունքէն եւ 5 Մայիսի աշակերտական գործունէութիւններու օրէն ետք, վերոյիշեալ շաբթուան ընթացքին տօնակատարութիւնները հասան իրենց գագաթնակէտին:

Արդարեւ, 6 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Յարգանքի եւ երախտիքի սրահ»-ի բացումը եւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Ապրող էջեր անցեալէն» գիրքի շնորհանդէսը: Հատորը ՀԱԳ շրջանաւարտ պարոն Պարոյր Աղպաշեան: Սոյն գիրքին հետ, ներկաները ստացան երկու գրքոյկներ՝ ՀԱԳ-ի հիմնադիր տնօրէն Պետրոս Քարծայրի մասին պատմող գրքոյկ մը, ինչպէս նաեւ դպրոցի հիմնադրութեան հանգամանքները ներկայացնող այլ գրքոյկ մը, հեղինակութեամբ դոկտ. Յուսիկ Տօնապետեանի: Երեք հրատարակութիւններն ալ խմբագրած էր դոկտ. Իւրնէշլեան: Գիրքին հասոյթը տրամադրուած է ՀԱԳ Ուսուցչաց ֆոնտին:

10 Յունիսին Kempinski-Summerland պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հարիւրամեակի կալա-ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ դպրոցի երկարամեայ բարերար տիար Ռաֆֆի Մանուկեանի, որ այս առթիւ տաս տարուայ վրայ երկարող մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութեան խոստում կատարեց: Ճաշկերոյթին ելոյթ ունեցան Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ, ՀԱԳ շրջանաւարտ դոկտ. Նազարէթ Տարաքճեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ պարոն Ներսէս Պաղտոյեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Տիր» հնգեակը:

11 Յունիսին Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցիին մէջ կայացաւ յոբելենական հիմնական հանդիսութիւնը: Եկեղեցւոյ երկու յարկերը լեցուն էին պաշտօնական հիւրերով, բարեկամներով, ուսուցիչներով, շրջանաւարտներով: Վերապատուելի Ղազարեանի ողջոյնի խօսքէն եւ աղօթքէն ետք ելոյթ ունեցաւ տնօրէնը, որուն խօսքը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ https://aec100years.wordpress.com/ յղումով: Ողջոյնի խօսք ուղղեց ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն պարոն Զաւէն Խանճեան (խօսքը նոյնպէս վերոյիշեալ կայք  ին վրայ): Ապա հոյակապ համերգային ծրագրով մը ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը, որ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային դասական կտորներ, որոնք կ’արտացոլէին հայութեան եւ ՀԱԳ-ի պատմութիւնը՝ նախաեղեռնեան շրջանէն, անդրադառնալով հայ կեանքի եւ Լիբանանի վերիվայրումներուն ու դպրոցի կեանքին, միաժամանակ վճռական հայեացք ուղղելով դէպի ապագայ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի առաքելական օրհնութիւնով:

Հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել հետեւելով https://www.facebook.com/aecollege.lb էջին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment