Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յուլիսին Հայաստան Այցելած Է Շուրջ 256 Հազար Զբօսաշրջիկ

Յուլիսին Հայաստան Այցելած Է Շուրջ 256 Հազար Զբօսաշրջիկ

by MassisPost

Հայաստանը գրեթէ միշտ եղած է որպէս հետաքրքրական ու առանձնայատուկ զբօսաշրջային ուղղութիւն՝ այցելուներուն առաջարկելով  երկրին հիւրընկալութիւնը, խոր արմատներ ունեցող պատմութիւնը, համեղ խոհանոցը,  հիասքանչ տեսարաններն ու պատմամշակութային կոթողները, արկածային եւ ուտեստային պտոյտները:

Ըստ ՀՀ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէին,  2023 թուականի Յուլիսին Հայաստան այցելած է շուրջ 256 հազար զբօսաշրջիկ, ինչ որ  լաւագոյն վիճակագրական տուեալն է նախորդ տարիներու նոյն ժամանակահատուածին համեմատ: 2022 թուականի Յուլիսին Հայաստան այցելած է  շուրջ 189 հազար զբօսաշրջիկ, իսկ  2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածին՝ 202 հազար:

ՀՀ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէին տուեալներով՝ զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը 2023 թուականի Յունուարէն Յուլիս ինկած ժամանակահատուածին կազմած է 1,26 միլիոն, որ 29%-ով աւելի է 2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածի թիւերէն:

ՀՀ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Աննա Մարգարեանը նշեց, որ Հայաստան այցելող   զբօսաշրջիկներու թիւերով առաջատար երկիրներն են Ռուսաստանը, Վրաստանը եւ  Իրանը:

Ան ընդգծեց, որ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն կ’իրականացնէ հնարաւոր ամէն բան՝ Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները բացայայտելու ուղղութեամբ:

«Մենք շատ աշխոյժ մասնակցում ենք միջազգային զբօսաշրջային միջոցառումներին, ցուցահանդէսներին, որտեղ ներկայացնում ենք Հայաստանը որպէս գրաւիչ զբօսաշրջային ուղղութիւն՝ Հայաստանի զբօսաշրջային արտադրութիւնը, ներուժը: Ինչպէս նաեւ փոխանցում ենք հայաստանեան զբօսաշրջային ընկերութիւնների տուեալները տեղի զբօսաշրջական ընկերութիւններին, որպէսզի կարողանան հետագայում զարգացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը զբօսաշրջութեան ոլորտում», ըսաւ ան:

Աննա Մարգարեանը նշեց, որ նաեւ կ’իրականացնեն դէպի Հայաստան ճանաչողական այցեր, այսինքն՝ կը հրաւիրեն իրենց երկիրներուն մէջ մեծ լսարան ունեցող պլոկըրները, լրատուական ոլորտի ներկայացուցիչները, որոնք կը լուսաբանեն իրենց այցերը, ինչ որ իր հերթին նոր զբօսաշրջիկներ կը բերէ Հայաստան տուեալ երկիրներէն:

Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն  այս տարի կ’աջակցի նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին տարբեր ձեւաչափի եւ նախասիրութիւններու շուրջ 17 փառատօներու իրականացման, որ, ըստ Կոմիտէի լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուին, ապահոված է ու դեռ պիտի ապահովէ զբօսաշրջային մեծ հոսք դէպի Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment