Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Այցելած Է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Փաշինեան Այցելած Է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:

Վարչապետը դիմաւորած են Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեանը եւ Եգիպտոսի մէջ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանը: Վարչապետը կատարած է մոմառավառութիւն եւ ծաղիկներ խոնարհած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:

Յաջորդիւ վարչապետը Առաջնորդարանին մէջ կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ, պատասխանած է զանոնք հետաքրքրող տարբեր հարցումներու: Վարչապետը անդրադարձած է Եգիպտոսի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ այլ թեմաներու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment