Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Արտաքին Քաղաքական Սլաքին Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Մեր Երկրին Շահը․ Նիկոլ Փաշինեան

Մեր Արտաքին Քաղաքական Սլաքին Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Մեր Երկրին Շահը․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակը պետութեան անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է: Միւնիխի եւ յարակից շրջաններու հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով արտաքին քաղաքականութեան սլաքի փոփոխութեան հնարաւորութեան վերաբերող հարցումին։

«Մեր արտաքին քաղաքական սլաքի նպատակը պէտք է լինի մեր երկրի շահը: Հիմա մենք մեր երկրի շահերի հետեւի՞ց ենք գնում արտաքին քաղաքականութեան մէջ, թէ՞ չէ։ Եւ այդ առումով սլաքի փոփոխութեան խօսոյթը ինձ համար այդքան էլ ընդունելի չէ։ Մեր արտաքին քաղաքականութեան նպատակը մեր անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է: Այս առումով մեր արտաքին բոլոր կապերի մէջ սա է մեր սլաքը», նշեց Փաշինեան։

Եւրոմիութեան եւ արեւմտեան գործընկերներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ վարչապետը կը կարեւորէ ոչ միայն նիւթական, այլեւ արժեբանական յարաբերութիւնները:

Հայ-Իրանեան Յարաբերութիւնները Խոր Են

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները խոր են, եւ Հայաստանը պիտի շարունակէ նուիրուած ըլլալ այդ յարաբերութիւններուն։  Միւնիխի եւ յարակից շրջաններու հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է վարչապետ Փաշինեան։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ մեր յարաբերութիւնները խորն են, եւ շարունակում ենք նուիրուած լինել այդ յարաբերութիւններին։ Բայց սա էլ այն դէպքերից է, որ ամէն ինչ պարզ չէ։ Մեր լաւ յարաբերութիւններն Իրանի հետ որոշ տեղերում լարումներ են առաջացնում, մեր լաւ յարաբերութիւններն այլ երկրների հետ Իրանում են լարուածութիւն առաջացնում», նշեց Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment