Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի Յանձնարարութեամբ ՀՀ Ժամանած Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Լաչինի Միջանցքի Սկզբնամաս

ԱՄՆ Ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի Յանձնարարութեամբ ՀՀ Ժամանած Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Լաչինի Միջանցքի Սկզբնամաս

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեսի յանձնարարութեամբ Հայաստան ժամանած է Յանձնաժողովի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ Սառա Արքինի եւ Տեմիան Մերֆիի ղեկավարած պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս յայտնած են Սիւնիքի մարզպետի աշխատակազմէն, Օգոստոս 7-ին անոնք հանդիպում ունեցած են Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանի ու Գորիս համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեանի հետ, որուն ընթացքին տեղեկացուցած են Սիւնիքի սահմաններուն տիրող իրավիճակին, ՀՀ ինքնիշխան տարածքին հանդէպ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն ու Արցախի շրջափակման եւ անոր հետեւանքներով յառաջացած մարդասիրական աղէտին մասին։

Օգոստոս 7-ին պատուիրակութիւնը Սիւնիքի մարզպետին ուղեկցութեամբ այցելած է Տեղ համայնքի Կոռնիձոր գիւղ, ուր Ռոպերթ Ղուկասեանը անոնց ներկայացուցած է Լաչինի միջանցքին փակ ըլլալու փաստն ու երկկողմ երթեւեկութեան բացակայութիւնը։

ԱՄՆ Ծերակոյտի ներկայացուցիչները դիտարկած են նաեւ հանգամանքը, որ ՀՀ կառավարութեան ուղարկած մարդասիրական բեռով ինքնաշարժները արդէն օրեր շարունակ կանգնած են սահմանէն այսկողմ ու չեն կրնար հասնիլ անոնց կարիքը ունեցող Արցախի բնակիչներուն։

Ատրպէյճանը կը շարունակէ ամբողջութեամբ արգելափակուած պահել Լաչինի միջանցքը, ինչի հետեւանքով Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը երթալով աւելի կը վատթարանայ։ Արցախի բնակչութիւնը զրկուած է պարէնի, դեղորայքի, վառելանիւթի մատակարարումներէն։ Ատրպէյճանը արգելափակած է նաեւ Արցախի կազամատակարարումն ու ելեկտրամատակարարումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment