Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանը Մեղադրած Է ԵխխՎ Պատգամաւորները Կաշառելու Մէջ

Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանը Մեղադրած Է ԵխխՎ Պատգամաւորները Կաշառելու Մէջ

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանը հրապարակած է Յուլիս 13-ին ընդունուած բանաձեւը թափանցիկութեան, հաշուետուողականութեան եւ հակափտածութեան կանոններու բարեփոխման առաջարկութիւններուն վերաբերեալ, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Ատրպէյճանին։

Բանաձեւի կէտերուն մէջ, ի թիւս այլ երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուած խախտումներուն, կը նշուի նաեւ, որ Ատրպէյճանը լայնածաւալ ազդեցութեան եւ փտածութեան հիմնաւոր կասկածներ յարուցող գործողութիւններ իրականացուցած է ԵԽԽՎ պատգամաւորներու նկատմամբ:

Կը նշուի նաեւ, որ Ատրպէյճանը կրցած է կանխել իր ընտրութիւններուն հետ կապուած հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ կոծկել իր կողմէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment