Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Financial Times․ «Հայաստանը Շեշտակիօրէն Մեծցուցած է Ռուսիա Արտահանուող Արեւմտեան Ինքնաշարժներու Ծաւալը»

Financial Times․ «Հայաստանը Շեշտակիօրէն Մեծցուցած է Ռուսիա Արտահանուող Արեւմտեան Ինքնաշարժներու Ծաւալը»

by MassisPost

«Ընդամէնը մէկ տարուան մէջ Հայաստանէն Ռուսաստան ինքնաշարժներու արտահանման ծաւալները աճած են աւելի քան 200 անգամ», կը պնդէ աշխարհի ամենահեղինակաւոր տնտեսական պարբերականներէն մէկը՝ “Financial Times”-ը։

Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող թերթը, հայաստանեան ինքնաշարժի շուկաներու մասին պատմող ծաւալուն տեսագրութեան մէջ կը գրէ. «Հայաստանը ինքնաշարժային արդիւնաբերութիւն չունի, սակայն ինքնաշարժներու արտահանման ծաւալները այս փոքր երկրէն դէպի Ռուսաստան շեշտակիօրէն աճած են»։

«Եթէ 2022 թուականի Յունուարին Ռուսաստան 800 հազար ամերիկեան տոլարի ինքնաշարժ արտահանուած է Հայաստանէն, ապա այս տարուան Յունուարին այդ ցուցանիշը արդէն 180 միլիոն տոլար կը կազմէր», կը պնդէ “Financial Times”-ը։

Թերթի թղթակիցները բաւական մանրամասնօրէն կը նկարագրեն Կիւմրիի մաքսային թերմինալի հարեւանութեամբ տիրող իրավիճակը, ուր Ռուսաստան արտահանման համար նախատեսուած հարիւրաւոր ինքնաշարժներ կայանուած։ Այստեղ են նաեւ տասնեակ ռուս առետրականներ, որոնք ինքնաշարժներ կ’ընտրեն հայրենիքի մէջ գտնուող իրենց յաճախորդներուն համար։

«Ռուսաստանի մէջ բոլոր սրահները՝ BMW, Audi, բոլորը փակուած են։ Եթէ նախապէս հարուստները պարզապէս կը մտնէին սրահ եւ ինքնաշարժ կը գնէին, ապա այժմ անոնք զրկուած են այդ հնարաւորութենէն։ Այդ է պատճառը, որ այդ մարդիկ այժմ կը դիմեն մեր օգնութեան», թերթի թղթակիցին հետ զրույցին ընթացքին կ’ըսէ Կիւմրիի մէջ գտնուող ռուս միջնորդներէն մէկը։

Տարբերութիւնը, սակայն, այն է, կը գրէ “Financial Times”-ը, որ Հայաստանի տարածքով Ռուսաստան հիմնականին մէջ ոչ թէ նոր արտադրուած, այլ արդէն իսկ օգտագործուած ինքնաշարժներ կ’արտահանուին։

«Ինքնաշարժները Միացեալ Նահանգներէն կը ժամանեն Վրաստանի մէջ գտնուող Փոթիի սուծովեան նաւահանգիստ։ Ներկրուած մժինքնաշաջժներէն շատերը հետագային կը տեղափոխքւին Հայաստան՝ մաքսազերծման համար։ Այս քայլին իմաստը այն է, որ Հայաստանը Ռուսաստանի հետ նոյն մաքսային միութեան անդամ է, ինչ որ թոյլ կու տայ Հայաստանի մէջ մաքսազերծուած ինքնաշարժները, կրկին Վրաստանի տարածքով, արտահանել Ռուսաստան՝ առանց կրկնակի մաքսազերծման», կը նշէ պարբերականը։

Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, ըստ հրապարակման հեղինակներուն, այս մեխանիզմը դրական կ’ազդէ, սակայն մէկ թերութիւն ունի՝ այն, ըստ էութեան, Արումուտքի կողմէ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման մեխանիզմ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment