Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վիթալի Բալասանեանի Առանձնատան Խուզարկութենէն Յետոյ Անոր 3 Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Վիթալի Բալասանեանի Առանձնատան Խուզարկութենէն Յետոյ Անոր 3 Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար, Արցախի հերոս Վիթալի Բալասանեանի առանձնատան խուզարկութենէն յետոյ անոր 3 մեղադրանք առաջադրուած է՝ իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ կեանքի կամ առողջութեան համար ոչ-վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու, ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք ու թմրամիջոցներ պահելու համար, «Ազատութեան» այսօր յայտնեց նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայի փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրոսեանը։

Ըստ պաշտպանին՝ Բալասանեանը մեղադրեալ է նաեւ ամիսներ առաջ յարուցուած մէկ այլ քրէական գործով․ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղարը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերու գոյք յափշտակելու համար։ 64-ամեայ Բալասանեանը չ’ընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքները:

Դատարանը մերժած է Վիթալի Բալասանեանը կալանաւորելու Քննչական Կոմիտէին միջնորդութիւնը։ Ան ձերբակալուած էր Յուլիս 13-ի երեկոյեան, նոյն օրը իրաւապահները ձերբակալած էին նաեւ անոր որդին, եղբայրը։ Անոնք աւելի վաղ ազատ արձակուած էին։

Արցախի Դատախազութիւնը այս ձերբակալութիւններէն յետոյ հաղորդագրութիւն տարածած էր, որուն մէջ Բալասանեանի որդիին անունը կը մատնանշուէր։ Ըստ իրաւապահներուն՝ անոր «տրամադրուած է 74 միլիոն 500 հազար դրամ փոխառութիւն՝ մեղուաընտանիքներ ձեռք բերելու նպատակով, սակայն տրամադրուած գումարը օգտագործուած է ոչ-նպատակային»։ Մինչդեռ Բալասանեանները վարկը ոչ-նպատակային օգտագործելու կասկածանքը անհիմն կը համարեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment