Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շաբաթ Օր Պրիւքսէլի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ Հերթական Հանդիպումը

Շաբաթ Օր Պրիւքսէլի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ Հերթական Հանդիպումը

by MassisPost

Շաբաթ օր Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ հերթական հանդիպումը։ Այս հանդիումը թէեւ նախատեսուած էր Յուլիս 21-ին, բայց, փաստօրէն, խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցելու նպատակով երկու երկիրներու ղեկավարները աւելի շուտ պիտի հանդիպին։

«Շաբաթ օրը՝ Յուլիսի 15-ին, Պրիւքսէլում նախատեսուած է իմ հանդիպումը Եւրոմիութեան Խորհրդի նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հետ: Ես հաստատել եմ իմ մասնակցութիւնն այդ հանդիպմանը, յոյս ունեմ՝ հանդիպման ընթացքում յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններում», կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ վարչապետը։

Փաշինեան թէեւ յոյս յայտնեց յառաջընթաց արձանագրել բանակցութիւններուն մէջ, սակայն Պրիւքսէլի մէջ Շաբաթ օրը փաստաթուղթ ըստ էութեան պիտի չստորագրուի։ Այդ մասին անցեալ շաբաթ յայտնած էր Փաշինեան։

«Յառաջիկայում Պրիւքսէլում նախատեսւում է իմ հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահի հետ՝ Եւրոմիութեան Խորհրդի նախագահի միջնորդութեամբ: Ցաւօք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը դեռ պատրաստ չէ ստորագրման: Յոյս ունեմ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքում առարկայացնել Ուաշինկթընում արձանագրուած դրականը», յայտնած էր Հայաստանի վարչապետը։

Վերջին անգամ Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեանն ու Ալիեւը հանդիպած են Մայիս 14-ին, ապա Յունիս 1-ին Քիշնեւի մէջ՝ հնգակողմ ձեւաչափով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment