Home Uncategorized Յունիս 15-էն ԿԽՄԿ-ի Ինքնաշարժներու Տեղաշարժ Չէ Եղած Դէպի Արցախ,

Յունիս 15-էն ԿԽՄԿ-ի Ինքնաշարժներու Տեղաշարժ Չէ Եղած Դէպի Արցախ,

«Կողմերուն Հետ Կը Շարունակենք Քննարկել Տեղափոխման Հնարաւորութիւնները. Ամատունի»

by MassisPost

Յունիս 15-էն մինչ օրս Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ինքնաշարժներու տեղաշարժ չէ եղած դէպի Արցախ՝ բուժառուներու տեղափոխութիւն չէ  կազմակերպուած։ Այս մասին Civic.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ ԿԽՄԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունին ու յաւելեց. «Կողմերի հետ շարունակում ենք քննարկել տեղափոխման հնարաւորութիւնները»։

Նշենք, որ Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ արդէն 5-րդ օրն է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ամբողջապէս արգելափակուած է Կարմիր Խաչի Միջազգային  Կոմիտէին կողմէ արցախցի բուժառուներու երկկողմանի տեղաշարժը եւ բժշկական պարագաներու եւ դեղորայքի մատակարարումը Արցախ: «Շուրջ 175 բուժառուներ սպասում են Հայաստանի բժշկական հիմնարկներ տեղափոխուելու հնարաւորութեանը։ Անյապաղ տեղափոխման ենթակայ անձինք  ունեն ուռուցքային եւ սիրտ-անօթային համակարգի հիւանդութիւններ։ Այս պահի դրութեամբ ԱՀ ԱՆ «Արեւիկ» բժշկական միաւորումում 8 երեխայ գտնւում է վերակենդանացման եւ նորածնային բաժանմունքում։ ԱՀ ԱՆ  Հանրապետական բժշկական կեդրոնում 8 հիւանդ գտնւում է վերակենդանացման  բաժանմունքում, որից 3-ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակում»,- տեղեկացուցած են Արցախի գերատեսչութենէն։

Յիշեցնենք, որ Յունիս 15-ի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանի սահմանապահները Հակարիի կամուրջին մօտ տեղադրուած  ատրպէյճանական անցակէտէն յառաջացած էին դէպի ՀՀ տարածք՝ Ատրպէյճանի դրօշը  տեղադրելու նպատակով, որ, սակայն, կանխուած էր հայ սահմանապահներուն կողմէ։ Այդ պահէն սկսեալ մինչ օրս ատրպէյճանական կողմը փակած է անցակէտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment