Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աշոտ Փաշինեանը Առեւանգելու Կասկածեալ Գայիանէ Յակոբեանը Էրեբունի Բժշկական Կեդրոնէն Տեղափոխուած Է ՁՊՎ

Աշոտ Փաշինեանը Առեւանգելու Կասկածեալ Գայիանէ Յակոբեանը Էրեբունի Բժշկական Կեդրոնէն Տեղափոխուած Է ՁՊՎ

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորի մայրը` Գայիանէ Յակոբեանը, որ կը կասկածուի Աշոտ Փաշինեանը առեւանգելու համար, Էրեբունի բժշկական կեդրոնէն տեղափոխուած է Ձերբակալուածներու պահման վայր եւ նախատեսուած է առերեսում Աշոտ Փաշինեանի հետ: Այս մասին Ֆէյսպուքի մէջ գրած է անոր պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը:

Գայիանէ Յակոբեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր Շէնգաւիթի քննչականին մէջ եւ, ըստ Մելիքեանի, ուշ երեկոյեան շտապօգնութեան ինքնաշարժով, ոստիկաններու ուղեկցութեամբ, ան տեղափոխուած էր Էրեբունիի հիւանդանոց:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդիին` Աշոտ Փաշինեանի հաղորդման հիման վրայ Քննչական Կոմիտին մէջ քրէական գործ յարուցուած է` մարդ առեւանգելու յօդուածով:

Վարչապետի որդին իրաւապահներուն ըսած է, որ Վերաքննիչ դատարանի դիմացի հատուածով քալած է դէպի Գարեգին Նժդեհի հրապարակ, դատարանի բակին մէջ կանգնած` պատերազմի ժամանակ զոհուած զինուորներու ծնողները մօտեցած են իրեն, ձայն տուած, ոմանք նաեւ որոշակի խօսքեր հնչեցուցած են: Կիներէն մէկը, ըստ Փաշինեանի տուած հաղորդման, առաջարկած է նստիլ իր ինքնաշարժը, որպէսզի կարենան հանգիստ զրուցել, եւ երբ ինք նստած է ինքնաշարժը, կինը անսպասելի վարած է զայն` ըսելով, որ քիչ մը հեռու պիտի երթան, որպէսզի իրենց չխանգարեն, սակայն պահ մը կանգ առած ինքնաշարժէն Փաշինեանը յաջողած է դուրս թռչիլ, որուն հետեւանքով նրանանոր վրաերթի ենթարկած է ետեւէն ընթացող ինքնաշարժը: «Հայկական Ժամանակ»-ը գրած էր, որ «առեւանգման մասնակիցները «Որդիներու Կանչ» հասարակական կազմակերպութեան անդամներն են»:

Հաղորդումէն ժամեր անց Աշոտ Փաշինեանի առեւանգման փորձի առնչութեամբ Ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին բերման ենթարկուած են պատերազմին զոհուած զինուորներ` Ժորա Սահակեանի հայրը` Վահիտ Սահակեանը, Մխիթար Գալէեանի հայրը` Գարիկ Գալէեանն ու Ժորա Մարտիրոսեանի մայրը` Գայիանէ Յակոբեանը, վերջինս ձերբակալուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment