Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Կը Պնդէ, Որ Հայկական Կողմը Անօդաչուներով Հարուածներ Հասցուցած Է Ատրպէյճանական Դիրքերուն

Պաքուն Կը Պնդէ, Որ Հայկական Կողմը Անօդաչուներով Հարուածներ Հասցուցած Է Ատրպէյճանական Դիրքերուն

by MassisPost

Պաքուն յայտարարած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած են սահմանին գտնուող ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն:

«Մարտ 18-ին ժամը 7:15-ին Հայաստանի զինուած ուժերը մարտական անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած են Քալբաջարի շրջանի Ելիջ բնակավայրի ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական բանակի քանի մը դիրքերու ուղղութեամբ», կ’ըսուի Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, որուն համաձայն` տարածքի զննութեան ժամանակ յայտնաբերուած են անօդաչու թռչող սարքերէ նետուած ոչ- գործարանային արտադրութեան արկերու մնացորդներ:

«Ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները կորուստներ չեն կրած, կը ձեռնարկուին պատասխան գործողութիւններ», յայտարարած է Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը` տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը դնելով Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը այս հաղորդումը դեռ չէ մեկնաբանած: Գերատեսչութեան խօսնակ Արամ Թորոսեան «Ազատութեան» փոխանցած է, որ իրադրութիւնը առաջնագիծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն է, գիշերուան ընթացքին զինադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած:

Նախօրէին հայ-ատրպէյճնական սահմանի Սոթքի հատուածին կրակոցներու հետեւանքով հայկական կողմէ զիուոր մը զոհուած է, եւս մէկը` վիրաւորուած: Պաքուն կը պնդէ, որ ատրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերը չէ գնդակոծած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment