Home Uncategorized «ԱՄՆ Հայերուն Կ’ըսէ` Հանեցէք Ռուսական Ռազմախարիսխը Ձեր Տարածքէն, Մենք Կ’ապահովենք Ձեր Անվտանգութիւնը. Սա Բացայայտ Սադրանք Է». Լաւրով

«ԱՄՆ Հայերուն Կ’ըսէ` Հանեցէք Ռուսական Ռազմախարիսխը Ձեր Տարածքէն, Մենք Կ’ապահովենք Ձեր Անվտանգութիւնը. Սա Բացայայտ Սադրանք Է». Լաւրով

by MassisPost

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը «Ցարկրատ» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է Արեւմուտքի դիւանագիտութեան եւ համարած է, որ այն այլեւս գոյութիւն չունի:

Լաւրով մասնաւորապէս նշած է. «Ես գիտեմ, որ ԱՄՆ-ի մէջ հայերուն (մենք նման տեղեկութիւն ունինք) կ’ըսեն` եկէք մեր մօտ, հեռացուցէք ռուսերը ձեր տարածքէն, սահմանապահները` նոյնպէս, հանեցէք ռազմախարիսխը, ամերիկացիները կ’օգնեն ապահովելու անվտանգութիւնը: Սա բացայայտ սադրանք է»:

Անոր խօսքով` արեւմտեան դիւանագիտութեան փոխարէն այժմ կայ միայն կաշառում: «Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Արեւմուտքը կը վարուի անոնց հետ, որոնց վրայ նախապէս ինչ-որ խաղադրոյք դրած էր», ըսած է Լաւրով եւ յիշեցուցած, թէ ինչպէս ԱՄՆ վարուեցաւ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment