Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Հրամանատարին Պաքու Այցը Արդիւնքներ Չէ Տուած

Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Հրամանատարին Պաքու Այցը Արդիւնքներ Չէ Տուած

by MassisPost

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին Պաքու այցը արդիւնքներ չէ տուած: Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտնած է, որ անցեալ շաբաթ Պաքու մեկնած Ալեքսանտր Լենցովը չէ յաջողած ատրպէյճանական կողմին հետ պայմանաւորուածութեան հասնիլ:

«Քննարկումների արդիւնքներով իրավիճակի դրական փոփոխութեան եւ 2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած պայմանների վերականգնման շուրջ պայմանաւորուածութեան հասնել չի յաջողուել», գրած է պետական նախարարը:

Ըստ Գուրգէն Ներսիսեանի` ամենակարճ ժամկէտի մէջ կը նախատեսուի նոր հանդիպում: Թէ ո՞ւր, ի՞նչ ձեւաչափով, բարձրաստիճան պաշտօնեան չէ մանրամասնած:

Խաղաղապահներու հրամանատարը Պաքուի մէջ հանդիպած էր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ: Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը յայտնած էր, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է «ղարաբաղեան տնտեսական շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման գօտիին մէջ առկայ իրավիճակը»: Այլ մանրամասնութիւններ չէր հաղորդուած հանդիպումէն: Թէ արդեօք այլ հանդիպումներ ունեցա՞ծ է ռուս բարձրաստիճան զինուորականը, եւս չէ հաղորդուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment