Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ես Կապ Չունիմ, Ես Չեմ Գիտեր, Մեղքը Չեմ Ընդունիր․ Գագիկ Ծառուկեանը` Ընտրակաշառք Բաժնելու Վերաբերեալ Իր Մեղադրանքին Մասին

Ես Կապ Չունիմ, Ես Չեմ Գիտեր, Մեղքը Չեմ Ընդունիր․ Գագիկ Ծառուկեանը` Ընտրակաշառք Բաժնելու Վերաբերեալ Իր Մեղադրանքին Մասին

by MassisPost

Մայիս 8-ին, Հակափտածութեան դատարանին մէջ կայացաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի եւ իր ընտանիքին պատկանող «Մուլթի Կրուփ Գոնցեռն ընկերութեան տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանի գործով առաջին դատական նիստը:

Գագիկ Ծառուկեանը նշեց, որ ինք այսօր ստացած է մեղադրական եզրակացութիւնը եւ չէ հասցուցած ծանօթանալ անոր: Դատարանը որոշեց յետաձգել նիստը:

Նշենք, որ Գագիկ Ծառուկեանի ու Սեդրակ Առուստամեանի պաշտպաններու միջնորդութեան հիմքով դատական նիստերը պիտի լուսաբանուին մասնակի. դատարանը արգիլեց լրագրողներուն տեսալուսանկարահանել ամբաստանեալները:

Յաջորդ դատական նիստը նշանակուեցաւ Մայիս 23-ին:

Յիշեցնենք, որ Գագիկ Ծառուկեանը եւ Սեդրակ Առուստամեանը կը մեղադրուին են 2017-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ի օգտին ընտրակաշառք տալը կազմակերպելու համար: Ընտրակաշառքի գործը կ’առնչուի «Ծառուկեան» դաշինքի կողմէ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ցուցակով առաջադրուած Վազգէն Պօղոսեանին, որ հետագային հրաժարած է պատգամաւորական մանտաթէն:

Գագիկ Ծառուկեանը դատական նիստի աւարտէն յետոյ, խօսելով լրագրողներուն հետ, նշեց, որ ճանչցած է Վազգէն Պօղոսեանին, գիտէր, որ յարգանք կը վայելէ Գեղարքունիքի մէջ եւ կրնար մասնակցիլ ընտրութիւններուն: «Ասել ենք` եթէ յաջողութիւն լինի, ուրեմն համապատասխան գործ կը տանք»: Նա նաեւ ընդգծեց, որ ցուցմունքին մէջ նշած է, որ կապ չունի ընտրակաշառքի հետ: «Ես կապ չունեմ, ես չգիտեմ, մեղքը չեմ ընդունում», յաւելեց Ծառուկեան:

Ըստ իրաւապահներու` Վազգէն Պօղոսեանը ցուցմունք տուած է այն մասին, որ 2017-ին Ծառուկեանը հրաւիրած է զինք եւ առաջարկած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն` պայմանով, որ ապահովէ 9 հազար ձայն Գեղարքունիքի մարզին մէջ:  Եւ ըստ մեղադրանքին` Պօղոսեան դիմած է Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Մուլթի Կրուփ»-ի տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանին` ձայները ապահովելու նպատակով անհրաժեշտ գումարը ստանալու համար: Խօսքը ընդհանուր թիւով 90 միլիոն դրամի մասին է:

Ընդգծենք, որ այս գործը կը քննուէր 2020 թուականէն: Այդ ժամանակ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, ԱԺ-ի մէջ ներկայացնելով Գագիկ Ծառուկեանին առնչուող քրէական գործը, նշած էր, որ ընտրողներուն տրուած կաշառքի վերաբերեալ կազմուած ցուցակներուն մէջ նշուած են անոնց անուն-ազգանունները, անձնագրային տուեալները, ընտանիքի անդամներուն թիւը եւ անոր համապատասխան տրամադրուող գումարը` իւրաքանչիւր անձին 10 հազար դրամ:

Թէպէտ այս գործի վաղեմութեան ժամկէտը անցած է, սակայն Գագիկ Ծառուկեանն ու Սեդրակ Առուստամեանն իրենց վերագրուած մեղադրանքը չեն ընդունիր` համաձայն չեն վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու հիմքով գործը կարճելուն, կը պահանջեն արդարացում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment