Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Ռուս Խաղաղապահներէն Կ’ակնկալէ Լաչինի Միջանցքի Շուտափոյթ Ապաշրջափակման Ուղղուած Ջանքեր. ՊՆ Նախարար

Հայաստանը Ռուս Խաղաղապահներէն Կ’ակնկալէ Լաչինի Միջանցքի Շուտափոյթ Ապաշրջափակման Ուղղուած Ջանքեր. ՊՆ Նախարար

by MassisPost

Հայաստանը ռուս խաղաղապահներէն կ’ակնկալէ Լաչինի միջանցքի շուտափոյթ ապաշրջափակման ուղղուած ջանքեր: Երեւանի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովի հետ հանդիպումէն յետոյ ֆէյսպուքեան գրառմամբ տեղեկացուցած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

«Քննարկել ենք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եւ խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտում տիրող իրավիճակն ու առկայ խնդիրները, Լեռնային Ղարաբաղում իրականացուող ՌԴ խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացմանն ուղղուած մի շարք հարցեր: Ընդգծել եմ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերի անշեղ կատարման անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորել Լաչինի միջանցքի շուտափոյթ ապաշրջափակմանն ուղղուած ջանքերի գործադրումը», Ֆէյսպուքի մէջ գրած էր Սուրէն Պապիկեանը:

Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարի փոփոխութեան մասին Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը երկու օր առաջ հաղորդեց:

Զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովը երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ բանակցութիւններ ունեցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment