Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախը Հանդիպելու Առաջարկ Ըրած Է Պաքուին` Քննարկելու «Մարդասիրական Հարցերը»

Արցախը Հանդիպելու Առաջարկ Ըրած Է Պաքուին` Քննարկելու «Մարդասիրական Հարցերը»

by MassisPost

Արցախի իշխանութիւնները ատրպէյճանական կողմին հետ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման վայրին` Իւանեանի մէջ, հանդիպելու առաջարկ փոխանցած են Պաքուին, ինչպէս հաղորդած է Տեղեկատուական շտաբը, «մարդասիրական բնոյթի անյետաձգելի հարցեր քննարկելու համար ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ»:

Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանի փոխանցմամբ` կը փափաքին քննարկել գրեթէ բոլոր հարցերը` ճանապարհէն մինչեւ կազ:

«Մարդասիրական հարցերը վերաբերում են ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնմանը, կազամատակարարման վերականգնմանը, ճանապարհի ապաշրջափակմանը, այսինքն` այն ենթակառուցուածքային եւ մարդասիրական հարցերը, որոնք հրատապ կանգնած են մեր ճգնաժամը վերացնելու համար», նշեց ան:

Վերջին անգամ Պաքուի ու Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն միջեւ շփում եղած էր Մարտի սկիզբը, որմէ գրեթէ 1.5 ամիս անց Ստեփանակերտը կ’առաջարկէ դարձեալ խօսիլ: Ինչո՞ւ հիմա, արդեօք կա՞ր անոր համար յստակ պատճառ, «Ազատութիւնը» հետաքրքրուեցաւ Յարութիւնեանէն: Անոր խօսքով` առաջարկին պատճառը ընդամէնը Արցախի մէջ ճգնաժամը մեղմելու անհրաժեշտութիւնն է. «Դրանք այսօր ճգնաժամ են յառաջացրել Արցախում, եւ մենք յայտնել ենք, որ մենք պատրաստ ենք շփումներ իրականացնելու, բայց այդ հարցերի շուրջ, այսինքն` այն ենթակառուցուածքային եւ մարդասիրական հարցերը, որոնք հրատապ լուծումներ են այսօր պահանջում, իսկ քաղաքական բովանդակութեան մասով մենք պատրաստ ենք, այդ թւում` քաղաքական բովանդակութեան բանակցութիւնների մասնակցելու, վարելու միայն, որ Արցախը որպէս լիիարաւ բանակցային կողմ ճանաչելու, ազգերի ինքնորոշման, տարածքային ամբողջութեամբ եւ սպառնալիքի, ուժի չկիրառման սկզբունքների հիման վրայ»:

Երկու շաբաթ առաջ Ստեփանակերտը մերժած էր Ատրպէյճանի` Պաքուի մէջ հանդիպելու եւ «համարկման հարցեր քննարկելու» առաջարկը: Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կրկնած էր նախապէս հնչեցուցած դիրքորոշումը, թէ պատրաստ են հանդիպելու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն, բայց Արցախի մէջ եւ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ` քննարկելու Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան հետ կապուած հարցեր: Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը, սակայն, կը յիշեցնէ, որ մարդասիրական հարցեր քննարկելու համար Ստեփանակերտի ու Պաքուի ներկայացուցիչներու Մարտի սկիզբի հանդիպումը լաւ չէր աւարտած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment