Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւագոյն Լուծումը Պիտի Ըլլայ, Որ Փոխանակում Ըլլայ Մեր Գերիի Կամ Գերիներու Հետ․ Անդրանիկ Քոչարեանը` Սիսիանի Մէջ Յայտնաբերուած Ատրպէյճանցիին Մասին

Լաւագոյն Լուծումը Պիտի Ըլլայ, Որ Փոխանակում Ըլլայ Մեր Գերիի Կամ Գերիներու Հետ․ Անդրանիկ Քոչարեանը` Սիսիանի Մէջ Յայտնաբերուած Ատրպէյճանցիին Մասին

by MassisPost

Նախօրէին գիշերը Սիսիան համայնքի Բնունիս վարչական շրջանին մէջ գիւղացիները յայտնաբերած էին ատրպէյճանցի զինուորական մը, որ իրաւապահները ձերբակալած էին: Յայտնի դարձաւ, որ ատրպէյճանցին միայնակ չէ եղած: Անոր հետ եւս զինուորական մը եղած է, որ թաքնուած է: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ կ՛ընթանան որոնողական աշխատանքներ` ատրպէյճանցի միւս զինուորականը յայտնաբերելու նպատակով:

ԱԺ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը Civic.am-ի հետ զրոյցին բացառեց ներթափանցման մասին տարածուող վարկածները, նշելով․ «Եթէ ներթափանցման մասին է խօսւում, ապա որտե՞ղ է միջավայրը»:

Քոչարեան կարեւորեց նաեւ գիւղացիներուն զգօնութիւնը, որոնք կրցած են մեկուսացնել ատրպէյճանցին:

Անդրադառնալով սահմանապահ համայնքներու բնակիչները զինելու հնարաւորութեան պատգամաւորը նկատեց, որ ամիսներ առաջ փոփոխութիւններ կատարուած են զէնք կրելու մասին օրէնքին մէջ, նաեւ այլ օրէնքներ ընդունուած են, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն լուծելու այդ խնդիրը:

Անդրադառնալով ատրպէյճանցիներուն հետ բանակցութիւններուն` նշուած զինուորականները Ատրպէյճանին փոխանցելու հետ կապուած, Անդրանիկ Քոչարեան եսաւ․ «Ատրպէյճանցիները, կարծում եմ, իրենք պէտք է կապի դուրս գան մեր ուժային կառոյցների հետ, որովհետեւ վերջին հաշուով նրանք զինուորականներ են եւ նայել միայն, որ մոլորուել են` միամտութիւն կը լինի: Սահման են անցել, որի հետ կապուած կան իրաւական խնդիրներ: Մենք իրենց մօտ ունենք գերիներ եւ լաւագոյն լուծումը կը լինի, որ փոխանակում լինի մեր գերու կամ գերիների հետ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment