Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմադիր Պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէն

Ընդդիմադիր Պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէն

by MassisPost

Խորհրդարանը փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ Մհեր Սահակեանը զրկեց անձեռնմխելիութենէն: 65 կողմ ձայնով Ազգային Ժողովը համաձայնութիւն տուաւ, որ Գլխաւոր Դատախազութիւնը ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորին նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցէ` խուլիկանութեան եւ առողջութեան թեթեւ վնաս պատճառելու յօդուածներով:

Սահակեանը մօտ երկու շաբաթ առաջ Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական Յանձնաժողովի նիստին բռունցքով հարուածած էր յանձնաժողովի իշխանական նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանի յօնքին: Մհեր Սահակեանի դէպքէն յետոյ խորհրդարանէն ոստիկանները բերման ենթարկեցին, ան երեք օրով ձերբակալուեցաւ: Ընդդիմադիրներուն պնդմամբ, թէժ նիստի ընթացքին Սահակեան ինքնապաշտպանուած է: Սակայն գլխաւոր դատախազը երէկ հերքեց ինքնապաշտպանութեան վարկածը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment