Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Իրանի Խորհրդարանը Դատապարտեց Իսրայէլի Մէջ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Բացումը

Իրանի Խորհրդարանը Դատապարտեց Իսրայէլի Մէջ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Բացումը

by MassisPost

Իրանի խորհրդարանը յատուկ յայտարարութեամբ դատապարտած է Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացումը: Իրանցի օրէնսդիրները երկրի դիւանագիտական գերատեսչութենէն պահանջած են քայլերու ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ:

Իրանի օրէնսդիր մարմինը Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացումը որակած է «անհաւատալի քայլ, որ կը հակասէ իսլամական աշխարհի շահերուն»:

Իրանցի պատգամաւորները արաբական եւ մահմետական կառավարութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն կոչ ըրած են հետեւելու իրենց օրինակին եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի քայլը:

Երեք տասնամեակ շարունակուող դիւանագիտական յարաբերութիւններէն յետոյ Ատրպէյճանը անցեալ օրերուն առաջին դեսպանատունը բացաւ Իսրայէլի մէջ, ինչ որ երկու երկիրներուն մէջ պատմական քայլ կ’որակեն ռազմավարական յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ: Այդպիսով Ատրպէյճանը դարձաւ միակ երկիրը աշխարհի մէջ, որ ունենալով շիի մեծամասնութիւն` սեփական դեսպանատունը կը բանայ Իրանի վաղեմի հակառակորդ Իսրայէլի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment