Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Խորհրդակցութիւն Տեղի Ունեցած Է

Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Խորհրդակցութիւն Տեղի Ունեցած Է

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ հրապարակուող զեկոյցներուն մէջ Հայաստանի վերաբերեալ գնահատականներն ու երկրի դիրքին հետագայ բարելաւման վերաբերող հարցեր:

Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է զեկոյցներուն մէջ հրապարակուող խնդիրներուն, կառավարութեան կողմէ տարբեր ոլորտներուն մէջ, այդ շարքին` փտածութեան դէմ պայքարին, առեւտրային միջավայրի բարելաւման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, թուայնացման գործընթացին, աղէտներու կառավարման, կիպեռանվտանգութեան, գիտութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ ընթացիկ բարեփոխումներուն ու հետագայ գործողութիւններուն: Նշուած է, որ առկայ խնդիրներու լուծման նպատակով ձեւաւորուած է շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած աշխատանքային խումբ:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է միջազգային կարծիք ձեւաւորող զեկոյցներուն մէջ Հայաստանի պատկերի շարունակական բարելաւումը, ընդգծած է գերատեսչութիւններուն կողմէ համակարգուած բովանդակային աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Առանձնակի կարեւորուած է նաեւ հանրային հաղորդակցութեան շարունակական բարելաւման միտուած քայլերու իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment