Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախարար Միրզոյեան Եւ ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպանը Անդրադարձած Են Միւնիխեան Հանդիպման

Նախարար Միրզոյեան Եւ ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպանը Անդրադարձած Են Միւնիխեան Հանդիպման

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նորանշանակ դեսպան Քրիսթինա Քվինը: Հանդիպման ընթացքին, ըստ Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան, ընդգծուած է Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաչափի կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Քրիսթինա Քվինը քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր: Անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն, այդ շարքին` Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման:

«Հայկական կողմը բարձր է գնահատել ԱՄՆ ներդրած ջանքերը` ինչպէս երկկողմ ձեւաչափում, այնպէս էլ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահող երկրի, տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման գործում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ապօրինի շրջափակման` Արարատ Միրզոյեան շեշտած է, որ ատրպէյճանական կողմը առանց որեւէ նախապայմաններու պէտք է վերականգնէ Լաչինի միջանցքի` Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած կարգը:

Արտաքին գործերու նախարարը արժեւորած է ԱՄՆ աջակցութիւնը` ուղղուած Հայաստանի մէջ հաստատութենական կարողութիւններու ամրապնդման եւ կառավարութեան ժողովրդավարական բարեփոխումներու խթանման:

ԱՄՆ նորանշանակ դեսպանը իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment