Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միջազգային Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Հայկական 18 Ընկերութիւն Կը Ներկայացնէ Ռազմական Նշանակութեան Արհեստագիտութիւններու Ճարտարապետական Լուծումներու Ձեռքբերումները

Միջազգային Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Հայկական 18 Ընկերութիւն Կը Ներկայացնէ Ռազմական Նշանակութեան Արհեստագիտութիւններու Ճարտարապետական Լուծումներու Ձեռքբերումները

by MassisPost

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների մայրաքաղաք Ապու Տապիի ազգային ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ (ADNEC) մեկնարկած է «IDEX 2023» պաշտպանական արհեստագիտութիւններու 16-րդ միջազգային ցուցահանդէսը:

ՀՀ Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայկական 18 ընկերութիւններ «Հայաստան» միասնական տաղաւարի ներքոյ կը ներկայացնեն տեղեկատուական, պաշտպանական եւ ռազմական նշանակութեան արհեստագիտութիւններու, ճարտարապետական լուծումներու ուղղութեամբ Հայաստանի վերջին ձեռքբերումներն ու ներուժը: Ցուցադրուած են ոչ միայն պատրաստի արտադրանքներ, այլ նաեւ նորարարական նախագիծեր:

Պաշտօնական այցի ծիրին մէջ ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեան  շրջած է ցուցահանդէսի 12 թեմատիկ ցուցասրահներով, ծանօթացած է ցամաքային, ծովային եւ հակաօդային պաշտպանութեան ոլորտներու վերջին տեխնոլոգիաներուն, միտքեր փոխանակած է հայկական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

«IDEX»  պաշտպանական արհեստագիտութիւններու միջազգային ցուցահանդէսը կը համարուի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանին մէջ ամենահեղինակային եւ ռազմավարական կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկը,  կը համախմբէ պաշտպանական արդիւնաբերութեան առաջատար եւ հեղինակաւոր ղեկավարները, ինչպէս նաեւ տարբեր նորարար արհեստագիտական ընկերութիւնները, արհեստագիտական ոլորտի յայտնի փորձագէտները:

Միջոցառումը կը կազմակերպուի երկու տարին մէկ անգամ, բաղկացած է համաժողովէ եւ ցուցահանդէսէ, որոնց նպատակն է ստեղծել հարթակ` քննարկելու ոլորտի վերջին զարգացումները, միտումները եւ նորարարական լուծումները, որոնք կ’ուղեկցուին ոլորտի լաւագոյն փորձի եւ ձեռքբերումներու ցուցադրմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment