Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի ՀՆԱ-ն Աճած Է 12,6%-ով` Կազմելով 21 Միլիառ Տոլար

Հայաստանի ՀՆԱ-ն Աճած Է 12,6%-ով` Կազմելով 21 Միլիառ Տոլար

by MassisPost

Հայաստանի ՀՆԱ-ն 2022-ին կազմած է շուրջ 8,5 թրիլիոն դրամ, որ դրամի ներկայ փոխարժէքով համարժէք է 21 միլիառ տոլարին եւ երբեւէ արձանագրուած ամենաբարձր ցուցանիշն է:

Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2022-ին` 2021-ի համեմատ (7 թրիլիոն դրամ) Հայաստանի ՀՆԱ-ն աւելցած է 12,6%-ով` կազմելով 8,5 թրիլիոն դրամ: Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան համար սա մրցանշային ցուցանիշ է:

2022-ին աւելի տպաւորիչ եղած է աճը ելեւմտական եւ ապահովագրական գործունէութեան ոլորտին մէջ` 46,9%: Տեղեկատուութիւն եւ կապի ոլորտին մէջ աճը եղած է 45,9%, «փոխադրումներ եւ պահեստային տնտեսութեան» մէչ` 45,2%, կացութեան եւ հանրային սնունդի կազմակերպման ասպարէզին մէջ` 23,6%, շինարարութեան մէջ` 18%, մեծածախ եւ մանրածախ առեւտուրին մէջ` 16,8%, եւ մշակող արդիւնաբերութեան մէջ` 11,9%:

Անկում արձանագրուած է գիւղատնտեսութեան եւ հանքարիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ` համապատասխանաբար -0,7% եւ -3,4%: Ամենամեծ անկումը արձանագրուած է առողջապահութեան եւ բնակչութեան ընկերային սապասարկման ոլորտին մէջ`-6,3%:

2022-ին կտրուկ աւելցած է մէկ շունչին բաժին ինկող ՀՆԱ-ն: Այս ցուցանիշը, համաձայն Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակման, հասած է 2,86 միլիոն դրամի կամ նախորդ տարուան միջինացուած փոխարժէքով 6.500 տոլարի: Ներկայիս փոխարժէքով` այդ թիւը մօտ 7.300 տոլար է:

2021-ին մէկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ն 2,3 միլիոն դրամ եղած է, որ այն ժամանակ կը համարուէր երբեւէ արձանագրուած ամենաբարձր ցուցանիշը:

2022-ին տնտեսական աշխուժութեան աճը Հայաստանի մէջ կազմած է 14,2%:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment