Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Պիտի Շարունակենք Ըլլալ Հայաստանի Եւ Իմ Ընկերոջ` Նիկոլ Փաշինեանի Կողքին․ Էմանուէլ Մաքրոն

Մենք Պիտի Շարունակենք Ըլլալ Հայաստանի Եւ Իմ Ընկերոջ` Նիկոլ Փաշինեանի Կողքին․ Էմանուէլ Մաքրոն

by MassisPost

Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին ունեցած իր ելոյթին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնած է, որ պիտի շարունակէ ըլլալ Հայաստանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին:

Մաքրոնի ելոյթին հիմնական մասը վերաբերած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան, սակայն Ֆրանսայի նախագանը նաեւ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

«Քանի մը օրէն Ուքրանիոյ նկատմամբ ռուսական ապօրինի յարձակման տարելիցն է, եւ չնայած, որ մենք չենք կրնար վերջնական եզրայանգումներ ընել, բայց կրնանք այս տարին ամփոփել ու կիսուիլ որոշակի հեռանկարներով: Բնականաբար, իմ ելոյթի առանցքոին պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմը, բայց պէտք է նշեմ, որ մենք չենք մոռնար Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի մէջ ընթացող պատերազմները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, միջուկային անվտանգութեանն առնչուող եւ այլ հարցեր:

Մեր խնդիրն է այսօր բացատրել, բացայայտ դարձնել, որ Ռուսիան անկայունութիւն եւ քաոս տարածող ուժ է, ինչ որ ան կ’ընէ ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի մէջ` վերջինիս պարագային «Վակներ»ի խումբին կողմէ միջամտութեամբ:

Ինչպէ՞ս մենք կրնանք հաւատալ, որ Կովկասի մարտահրաւէրները կրնան յաղթահարուիլ այն նէոգաղութատիրական Ռուսիոյ կողմէ, որ ես քիչ առաջ նկարագրեցի: Ես այդ կ’ըսեմ իմ ընկերոջ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, որուն կողքին պիտի շարունակենք ըլլալ եւ պիտի շարունակենք գործել», յայտնած է Մաքրոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment