Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Իր Աշխատանքը Սկսած Է ԵՄ Քաղաքացիական Առաքելութիւնը` Կազմուած Շուրջ 100 Անդամէ

Հայաստանի Մէջ Իր Աշխատանքը Սկսած Է ԵՄ Քաղաքացիական Առաքելութիւնը` Կազմուած Շուրջ 100 Անդամէ

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Փետրուարի 20  Հայաստանի մէջ սկսած է ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը` Համընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ: ԵՄ-ն այս մասին տարածած է մամուլի հաղորդագրութիւն:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ առաքելութիւնը պաշտօնապէս ստեղծուած է Խորհուրդի` 23 Յունուար 2023-ի որոշմամբ:

«Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմը տեղակայման նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, հակամարտութենէն տուժած շրջաններուն մէջ կառուցել վստահութեան եւ անվտանգութիւն, ինչպէս նաեւ ապահովել միջավայր, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման ջանքերուն, որուն կ’աջակցի ԵՄ-ն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ԵՄ-ն կը յաւելէ, որ, ընդհանուր առմամբ, ԵՄ առաքելութեան` բացառապէս քաղաքացիական անձնակազմի կազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 100 մարդ, այդ շարքին` շուրջ 50 անզէն դիտորդ:

Առաքելութեան շտաբը պիտի գտնուի ՀՀ Վայոց Ձորի մարզի Եղէգնաձոր քաղաքին մէջ: Եւրոպայի Արտաքին Գործողութիւններու Ծառայութեան Քաղաքացիական Ծրագրաւորման եւ Վարման Կարողութիւններու (CPCC) գործադիր տնօրէն Սթեֆանօ Թոմատը պիտի աշխատի որպէս քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար, իսկ Մարքուս Ռիթըրը` որպէս առաքելութեան ղեկավար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment