Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Պոպ Մենենտես Քննարկած Են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Պոպ Մենենտես Քննարկած Են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ

by MassisPost

Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի ծիրին մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը:

Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած ծանր մարդասիրական իրավիճակը: Կարեւորուած է այս ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան հետեւողական ուշադրութիւնն ու հասցէական արձագանգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment